2016-01-09 08:46:00

ՄԱԿ-ը Սուրիոյ մէջ շրջափակուած երեք քաղաքներու մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի հասցնէ


Սուրիոյ կառավարութիւնը համամիտ գտնուած է Սուրիոյ բանակին կողմէ պաշարուած Մատայա եւ զինեալ ընդդիմութեան կողմէ պաշարուած Քաֆարիա եւ Ֆուաա քաղաքներուն մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման: Այս մասին կը հաղորդէ ՄԱԿ-ը։

Սուրիական կարմիր մահիկէն 300 կամաւորներ արդէն պատրաստ են գոյացած համաձայնութեան ծիրէն ներս միաժամանակ վերոնշեալ երեք քաղաքներուն մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու:

ՄԱԿ աշխատանք կը տանի պատրաստելու կարաւաններ` զանոնք կարելի եղածին չափ մօտիկ ժամանակին նշեալ պաշարեալ քաղաքները ուղարկելու համար:

Մարդասիրական գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ Դամասկոսի մօտ գտնուող Մատայայի մէջ կացութիւնը «շատ ծանր» է:








All the contents on this site are copyrighted ©.