2016-01-09 10:04:00

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկին 2015-ին ծանօթացած է 72 հազար այցելու


Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի­ նոր ու համալրուած ցուցադրութեան 2015-­ին ծանօթացած է մօտ 72 հազար այցելու: «Արմենփրես»-­ի փոխանցմամբ` այս մասին լրագրողներու հետ տարեվերջի հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի­ փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան:

«Տարին աննախադէպ էր թուրք այցելուների քանակով: Այս տարի թանրագարանի վերաբացումից յետոյ թանգարան է այցելել Թուրքիայի 1000 քաղաքացի»,- ըսած է­ Լուսինէ Աբրահամեան: Անոր խօսքով` տարբեր երկիրներէ թանգարան այցելած է մօտ 71 պատուիրակութիւններ, որոնց մէջ` Ապրիլ 24-­ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եկած Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Կիպրոսի եւ Սերպիոյ նախագահներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները:

Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ­ այցելած է Հանրապետութեան ու Սփիւռքի 16 հազար աշակերտ եւ ուսանող:








All the contents on this site are copyrighted ©.