2016-01-09 09:38:00

Հալէպի մէջ վերաբացուեցաւ Կիւլպէնկեան մայրանոցը


Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութեան տնօրէն խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.

Աւելի քան 80 տարիներու ազգանուէր ծառայութեամբ, Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցը հալէպահայութեան մասնաւորապէս ու սուրիահայութեան ընդհանրապէս եղաւ բարիք մը մանաւա՛նդ գաղթական հայութեան բեկորներուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան դառն ճակատագիրը ճաշակելով կազմեցին իրենց բոյնը ասպնջական սուրիական հայրենիքէն ներս:

Մայրանոցը ծննդեան տուն եղաւ ու հասաւ բոլորի՛ն անխտիր, առանց յարանուանական, հատուածական ու քաղաքական գոյն տալու այս ազգօգուտ հիմնարկին:  Մայրանոցին մէջ ծնան յաջորդական սերունդներ եւ այսօր անոնք ակնածանքով կը յիշեն անոր կատարած բարեսիրական մեծ գործը:

Դժբախտաբար, սուրիական պատերազմին հետեւանքով, Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցն ալ ի շարս ազգային այլ հաստատութիւններուն ստիպուած եղաւ ժամանակաւորապէս փակել իր դռները:  Վերջին քանի մը տարիներուն Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութեան մայրանոցը, իր աշխարհագրական դիրքով աւելի հանդարտ վայր մը ըլլալով հայաշատ թաղամասին մէջ, ժամանակաւորապէս դարձաւ ապահով երդիք մը հայ ծերանոցի տարեցներուն համար, քանի որ պատերազմի պատճառով ծերանոցի շէնքը ռմբակոծուած եւ վնասուած էր:

Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութեան տնօրէն խորհուրդը Դեկտեմբերի 25, 2015-ին, յայտարարած է համայն հալէպահայութեան, որ Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցը՝  բարեսիրական հիմնարկ մը, դարձեալ կը վերադառնայ իր աւանդական առաքելութեան, վերահաստատելով շէնքին առաջին յարկը իբրեւ հիւանդանոց:  Նաեւ, Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութեան տնօրէն խորհուրդի որոշումով, ժամանակաւորապէս իր համալիրին մէջ ապաստան տալով հանդերձ պիտի շարունակէ իր դռները բաց պահել մեր տարեցներուն առջեւ, մինչեւ բարի աւարտը տխուր պատերազմին եւ անոնց վերադարձը դէպի հայ ծերանոցի շէնքը:

Հալէպի մեջ, հաստատութեան եւ համալիրին լիազօր ներկայացուցիչ Պրն. Օհաննէս Օհաննէսեան շուտով պիտի ձեռնարկէ վերաբացումին նախնական աշխատանքներուն, որպէսզի մայրանոցը վերագտնէ իր անցեալի հմայքը եւ վերընդունի մայրերը իր հիւանդանոցէն ներս:

Կիւլպէնկեան Մայրանոցի վերաբացումը յոյս, անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ աշխատավայր կը հայթայթէ Հալէպի բնակիչներուն:

Շուտով հալէպահայութեան ուշադրութեան պիտի յանձնուի նոր զարգացումները Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցին հետ կապուած:  Մինչ այդ, Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ մնայուն խաղաղութիւն կը մաղթէ Սուրիական Հանրապետութեան եւ հալէպահայութեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.