2016-01-08 11:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 8 յունուարի Քարոզը. “Աստուած ճշմարիտ սէրն է”


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկսոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց, որուն ընթացքին կատարեց խորհրդածութիւն մը, հիմնուելով Յովհաննէս Առաքելաի օրուան սուրբգրային ընթերցումին վրայ, ուր առաքեալը կը խօսի Աստուծոյ Սիրոյն մասին։

Սրբազան հայրը մեկնելով Սուրբ Յովհաննէսի խօսքերէն, ընդգծեց՝ թէ Սէր բացատրութիւնը՝ բառ մըն է, որ յաճախ կ՝օգտագործենք, սակայն առանց անոր խոր իմաստի գիտակցութեամբ։ Ի՞նչ է Սէրը, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը. ապա ըսաւ՝ “երբեմն կը մտածենք շարժանկարներու մէջ պատմուած սիրոյ մասին. կամ երբեմն սէրը՝ անձի մը կը թուի որպէս անցողակի խանդաղատանք, որ ժամանակի ընթացքին կ՝աղօտի կը մարի”։

՝՝Ուրկէ՞ կու գայ ճշմարիտ Սէրը՝՝, դարձալ հարց տուաւ Ֆրանչիկսոս Պապը. ապա հաստատեց՝ ՝՝Ան որ կը սիրէ՝՝ Աստուծմէ ծնած է. որովհետեւ Աստուած Սէր է։

Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակելով խօսիլ Աստուծոյ անսահաման սիրոյ մասին, ըսաւ թէ Տէրը Ինքն է որ մեզի կը սպասէ եւ կ՝ուզէ մեր սրտին դռները բանալ։ Ան յորդորեց, որ երբեք պէտք չէ մոռնալ այս ճշմարտութիւնը, աւելցնելով թէ երբ բան մը կը կրենք մեր սրտերուն մէջ եւ կ՝ուզենք ներողութիւն խնդրել Տիրոջմէ, ինքն է որ մեզի անհամբեր կը սպասէ՝ ներում շնորհելու համար։ Ողորմութեան Սուրբ տարին նաեւ ասոր համար է։ Քաջ գիտենք թէ Տէրը մեզի կը սպսասէ, մեզ ողջագուրելու եւ ըսելու՝ “զաւակս, քեզ կը սիրեմ։ Քեզի համար թոյլ տուի որ Որդիս խաչեն. այս է իմ սիրոյ արժէքն ու պարգեւը։”

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին, յորդորեց երթալ Տիրոջ մօտ եւ Իրեն ըսել “ՏԷր՝ լաւ գիտես որ քեզ պիտի ուզէի սիրել, բայց մեղաւոր եմ։” Եւ Տէրը, աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ, պիտի վարուի ինչպէս վարուեցաւ Անառակ որդիին հետ, եւ քեզ պիտի ողջագուրէ ընդհատելով քու խօսքերդ՝ աստուածային Սիրոյ ողջագուրումով։   








All the contents on this site are copyrighted ©.