2016-01-08 09:43:00

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդի կոչը նախագահական ընտրութեան համար։


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, գումարեց իր ամսական ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան զարգացումներուն:

Հանդիպումէն ետք հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս պապի պատգամին, որուն ընդմէջէն խաղաղութեան կոչ ուղղեց` շեշտելով, որ խաղաղութիւնը կարելի չէ գործադրել առանց երկխօսութեան:

Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ իրենք կը զօրակցին որեւէ լուրջ երկխօսութեան, որ կը վերաբերի պաղեստինեան դատին` ընդգծելով պաղեստինցիներուն իրաւունքը իրենց ազատ, անկախ պետութիւնը ունենալու իմաստով:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց, որ պաղեստինեան դատին լուծումը բոլոր հարցերուն լուծման բանալին է:

Անոնք ընդգծեցին, որ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ երկխօսութեան ձայնը պէտք է աւելի գերակշիռ ըլլայ թնդանօթի ձայնէն` աւելցնելով, որ երկխօսութեան ընդմէջէն կարելի է քաղաքական լուծումներու յանգիլ եւ վերջ տալ տագնապին ու պատերազմներուն:

«Լիբանան իր կարգին կարիքը ունի երկխօսութեան` լուծելու համար քաղաքական իր տագնապը, որուն պատճառով կը քայքայուի լիբանանեան պետութիւնը: Այդ երկխօսութեան մուտքը կ՛ապահովուի երկրին սահմանադրութեամբ եւ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ: Հանրապետութեան ճակատագիրին հետ անկարելի է խաղալ, այլ լուրջ վերաբերում պէտք է ցուցաբերել նախագահական ընտրութեան վերաբերող որեւէ նախաձեռնութեան նկատմամբ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսները ողջունեցին բանակն ու ապահովութեան ուժերը` անոնց իրականացուցած ապահովական նուաճումներուն առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.