2016-01-08 09:36:00

ՄԱԿ Սուրիոյ Մէջ շրջափակուած զանազան քաղաքներուն մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի մատակարարէ


ՄԱԿ հաղորդեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը համամիտ գտնուած է Սուրիոյ բանակին կողմէ պաշարուած Մատայա եւ զինեալ ընդդիմութեան կողմէ պաշարուած Քաֆարիա եւ Ֆուաա քաղաքներուն մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման:

Սուրիական կարմիր մահիկէն 300 կամաւորներ արդէն պատրաստ են գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ միաժամանակ վերոնշեալ երեք քաղաքներուն մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու:

ՄԱԿ աշխատանք կը տանի պատրաստելու կարաւաններ` զանոնք կարելի եղածին չափ մօտիկ ժամանակին նշեալ պաշարեալ քաղաքները ուղարկելու համար:

Մարդասիրական գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ Դամասկոսի մօտ գտնուող Մատայայի մէջ կացութիւնը «շատ ծանր» է:








All the contents on this site are copyrighted ©.