2016-01-08 09:29:00

Աստուածայտնութեան մեռելոցի օր՝ հոգեհանգստեան պաշտօն Զմմառու Վանքին մէջ


Հինգշաբթի 7 Յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Աստուածայայտնութեան Մեռելոցի օրը ըլլալով, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցանեց Զմմառու Մայրավանքի Դիւանապետ՝ Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան: Սոյն Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ և Մեծաւոր վանքիս՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, վարչական հայրեր, վանաբնակ վարդապետներ և Դպրեվանքի նորընծաներ: Ս. Պատարագի աւարտին՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Զմմառու Պատրիաքական Միաբանութեան հայրապետներուն և միաբան հայրերուն հոգիներուն համար: Յաւարտ Ս. Պատարագին՝ հոգեւորական դասը հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ Մայրավանքիս դամբարանը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Միաբանութեան ննջեցեալ հայրերու հոգիներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.