2016-01-07 09:40:00

Միջազգային Քարիթասը համաշխարհային զօրաշարժ կը կազմակերպէ Սուրիոյ խաղաղութեան համար


(Ռատիօ Վատիկան) Միջազգային Քարիթասի կազմակերպութիւնը հրապարակած է  հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զօրաշարժի հրաւէր  ուղղած է աշխարհի մէջ Սուրիոյ միլիոնաւոր աջակցողներուն,  պահանջելու համար  վերջ դնել Սուրիոյ պատերազմին ու հաստատելու խաղաղութիւնը, հինգ տարիէ ի վեր բռնութիւններու զոհ այդ երկրին մէջ որոնց հետեւանքներով  տեղահան եղած են միլիոնաւոր անմեղներ։ ։

Հաղորդագրութեան մէջ  Միջազգային Քարիթասը հրաւէր ուղղած է  նաեւ պատերազմի մէջ գտնուող հակամարտողներուն, սկիզբ տալու բանակցութիւններուն եւ շօշափելի ու առարկայական գործունէութիւններով կրակ մարի դիմելու, մատնանշելով թէ  ''խաղաղութիւնը ձեռք կը բերուի  տարածաշրջանի ներսէն  եւ ոչ թէ դուրսէն պարտադրուած հրահանգներով։

Հալէպի մէջ Քարիթասի պատասխանատու Գերապայծառ Աուտօ, այս առթիւ յայտնած է ''հաց չենք պահանջեր այլ՝ կ՝ուզենք խաղաղութիւն՝՝ աւեցնելով, թէ  աշխարհի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները պէտք են գիտակից ըլլան, թէՍուրիոյ խաղաղութեան համար չի կայ ռազմական լուծում այլ՝  կայ միայն քաղաքակական լուծում եւ թէ միջազգայաին հասարակութիւնը թիկունք կանգնելու է խաղաղութեան երկխօսութեան գործընթացին ու կասեցնէ զէնքի մատակարարումը հասնելու համար ազգային միութեան կառավարութեան մը հաստատումին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.