2016-01-07 10:04:00

Ինդուներու ու մահմետականներու համար Մայր Թերեզան արդէն սրբուհի է։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ինդուներու ու մահմետականներու գնահատումով կաթողիկէ եկեղեցին կարիքը չունէր սպասելու հրաշքի մը որպէսզի Մայր Թերեզան սրբուհի հռչակուի'' կը հաղորդագրէ ''Ucanews'' լրատու գործակալութիւնը։

Հարաւային Ասիայի փոքրամասնութիւններու քարտուղար` Նավայտ Համիտ կը գրէ '' Քալքութայի Մայր Թերեզան արժանի է այս պատիւին ու Հնդկաստանը ինքզինք մեծապէս պատուուած կը զգայ անոր սրբադասումով''։

Mohammad Junaid Khan` համադրիչը միջ կրօնական համայնքներու ժողովին,  ըսած է ''անոր կատարած աշխատանքը բոլորէն գնահատուած է, ան կը ներկայացնէր մարդկութեան մեծագոյն կրօնը։

Նշենք որ Մայր Թերեզա հիմնադիրը եղած է կրօնաւորուհիներու եղբայր-օգնութեան միաբանութեան որ Հնդկաստանի Քալքութա քաղաքին մէջ կը գործէ 1950-ին ի վեր։ Շատերու վկայութեամբ անոր կեանքը ինքնին հրաշք մըն է։

Մայր Թերեզա վախճանած է սրտի կատուածի հետեւանքով 1997-ին։

Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը զայն երանելի հռչակեց Հոկտեմբեր 2003-ին, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը զայն դասեց սուրբերու շարքին։

Ներկայիս կրօնաւորուհիներու եղբայր-օգնութեան միաբանութիւնը  կը հաշուէ 5·044 անդամներ բաժնուած 768 տուներու մէջ որոնց 243ը կը գտնուին Հնդկաստան իսկ 515ը աշխարհի մէջ։ Յայտնենք թէ եղբայր-օգնութեան միաբանութիւնը կը գործէ նաեւ Հայաստանի  մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.