2016-01-07 09:18:00

2015 թուականին աշխարհի 33 երկիրներու մէջ 135 լրագրող զոհուած Է։


2015 թուականին աշխարհի 33 երկիրներու մէջ 135 լրագրող զոհուած է: Այս տուեալները երէկ Ժնեւի մէջ հրապարակած է Press Emblem Campaign կազմակերպութիւնը, կը գրէ panorama.am-ը։

Զեկոյցին համաձայն`  ամէնէն շատ զոհեր եղած են Սուրիոյ մէջ` 13 զոհ: Այնուհետեւ կը յաջորդեն Իրաքը եւ Մեքսիքան` 10-ական զոհ, Ֆրանսան` 9 զոհ, Լիպիան եւ Ֆիլիպինները` 8-ական զոհ, Հնդկաստանի, Հարաւային Սուտանի եւ Եմենի մէջ զոհուած են 7-ական լրագրող, Փաքիստանի եւ Սոմալիի մէջ` 6-ական, Հոնտուրասի մէջ` 5 լրագրող: Ուքրանիոյ եւ Քապուլիմէջ սպաննուած է 4 լրագրող:

2006-էն, երբ Press Emblem Campaign-ը սկսած է իր վիճակագրութիւնը, աշխարհի մէջ սպաննուած է 1184 մամուլի աշխատակից, այսինքն` միջինը տարեկան 118 մարդ:

Վիճակագրութիւնը, որմէ կ՛օգտուի կազմակերպութիւնը, իր զեկոյցները կազմելու համար, հաշուի կ՛առնէ մասնագիտական գործունէութիւն կատարելու ընթացքին լրագրողներու սպանութեան բոլոր դէպքերը: Զոհերուն մէջ են թղթակիցներ, գործարկուներ (operator), լուսանկարիչեր, արտադրողներ, կամաւորներ, լրատուամիջոցներու ղեկավարներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.