2016-01-06 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութիւններու լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Տարբեր կրօններու պատկան մարդոց ու կիներու անկեղծ երկխօսութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան պտուղներ պարգեւէ''։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին 2016-իՅունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւններու մեկնաբանութեան լսատեսողական պատգամի նիւթը։

''Աշխարհի վրայ ապրող անձերու մեծամասնութիւնը կը յայտարարէ իր հաւատացեալ ըլլալը ու այս պէտք է առաջնորդէ դէպի կրօններու միջեւ երկխօսութեան'' կը  նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ ապա կը հաստատէ թէ ''միայն երկխօսութեան միջոցաւ կարող ենք վերացնել անհանդուրժողականութիւնն ու խտրականութիւնը'' ու կ՛աւելցնէ թէ ''կրօնական երկխօսութիւնը անհրաժեշտ նախապայման մըն է աշխարհի խաղաղութեան համար'' ու հրաւէր կ՛ուղղէ ''աղօթելու'' այս դիտաւորութեամբ։

Լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւէր կ՛ուղղէ տարածելու իր այս յանձնարարութիւնը որպէսզի   ''Տարբեր կրօններու պատկան մարդոց ու կիներու անկեղծ երկխօսութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան պտուղներ պարգեւէ'', թէեւ` դիտել կու տայ Քահանայապետը, շատեր տարբեր ձեւերով կը մտածեն ու բազմազան միջոցներով Աստուած կը փնտռեն իսկ այլք անհաւատ կը հռչակենք իրենք զիրենք, ''այս բազմազանութեան մէջ կայ միայն մէկ անտարակոյս իրողութիւն. Ամէնքս Աստուծոյ զաւակներ ենք''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.