2016-01-06 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 Յունուարի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 6 Յունուար 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ եւ այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց օրուան ծիսակատարութեան ու տօնին վրայ այն է Աստուածայայտնութեան տօնը որուն մասին կը խօսի Մատթէոս Աւետարանիչ` Մոգերու բեթղեհէմ ժամանումի պատմուածքով որ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս տօնակատարութեան կը շնորհէ տիեզերական շունչ` Եկեղեցւոյ շունչը որուն փափաքն է որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները առիթը ունենան հանդիպելու Յիսուսին ու փորձարկելու Անոր ողորմած սէրը։

Ըլլայ հովիւները Յիսուսի ծննդեան օրը, ըլլայ մոգերը, մեզի կը սորվեցնեն հարկաւորութիւնը` աչքերը դէպի երկինք բարձրացնելու ու Աստուծոյ հորիզոնին ուղղուած` բաց սիրտ ու բաց միտք մը ունենալու ընկալելու համար Անոր պատգամները եւ անյապաղ ու վեհանձնութեամբ համապատասխանելու Անոր։

Մոգերը աստը տեսնելով հրճուեցան ուրախութենէն։ Մեզի համար եւս մխիթարութիւն է աստղին նայիլը`գիտակից կը դառնանք թէ մեր բախտին լքուած չենք այլ  առաջնորդուած ենք։ Աստղը Աւետարանն է` Աստուծոյ խօսքը որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Քրիստոս։ Առանց Աւետարանի ունկնդրութեան կարելի չէ հանդիպիլ Յիսուսին։ Մոգերու փորձառութիւնը մեզ կը խրախուսէ չբաւարարուելու ''միջակութեամբ'' այլ փնտռելու իրողութիւններու իսկական իմաստը, եւ չգայթակղելու աղքատութենէն այլ հեզութեան մէջ ճանչնալու վեհութիւնը` ու անոր առջեւ ծնրադրելու'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ մեր աչքերը սեւեռելու երկինք` եւ թոյլ տալու որ Աւետարանի Աստղը մեզ առաջնորդէ դէպի Յիսուսի հետ հանդիպումին, որպէսզի պաշտենք զինք։ Այսպէս է որ մենք կարող կը դառնանք ուրիշներուն տանիլ Անոր լոյսին շողը ու անոնց հետ կիսելու ճանապարհորդութեան ուրախութիւնը։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն յատուկէն հոգեւոր մօտիկութիւն յայտնելով ''Քրիստոնեայ Արեւելքի եղբայրներուն եւ քոյրերուն, կաթողիկէ եւ օրթոտոքս, որոնցմէ շատերը վաղը կը տօնեն Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Անոնց բոլորին հասանելի ըլլայ խաղաղութեան եւ բարութեան մեր մաղթանքները'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա վերյիշեց թէ այսօր կը նշուի պատանիներուն Միսիոներական օրը, հուսկ մէկիկ մէկիկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը բոլորին մաղթելով բարի տօնակատարութիւն եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.