Աշխարհիս համայն քրիստոնեաները ուրախութեան մէջ կը գտնուին որովհետեւ Եկեղեցին կը տօնէ այսօր Աստուածայայտնութիւնը եւ Մկրտութիւնը
Յայտնութիւն կամ Աստուածայայտնութիւն, թարգմանութիւնն են յունարէն ''Էփիֆանէիա'' եզրերուն: Հելլեն-Հռովմէական աշխարհին մէջ, կը նշանակէին աստուածութեան երեւումը կամ յայտնութիւնը մարդուն: Կիրարկուած են նաեւ երեւում կամ գալուստ բառերը, նշանակելու համար թագաւորին կամ կայսրին ժամանումը, այցելութիւնը:
Սուրբ Պօղոս առաջինն է որ գործածած է յայտնութիւն բառը՝ տալով անոր իմաստ մը որ աւելի մօտ է գալուստին, քան Աստուածայայտնութեան: Բառին իմաստը, Առաքեալին մօտ ցոյց կու տայ Յիսուսի առաջին ժամանումը կամ անոր արքայութիւնը եւ կամ երկրորդ գալուստը:
Չորրորդ դարէն սկսեալ, քրիստոնեայ մատենագիրները սկսած են այս եզրը կիրարկել նշանակելու համար Քրիստոսի հրաշքները, երեւումները՝ յարութենէն ետք, կամ յայտնութիւնները Աստուծոյ՝ Հին Կտակարանին մէջ:
Յիսուս եկաւ փոխելու բոլոր մարդկութիւնը: Զինք այցելողներուն միջոցաւ բոլորին կոչ եւ հրաւէր կ'ուղղէ իր քովը երթալու:
Այսօրուայ տօնին ընթերցումը աւետում մըն է Յիսուսի Գալուստեան որ լոյսին միջոցաւ եկաւ նոր շնորհք մը տալու անոնց որոնք խաւարին մէջ կը գտնուէին:
Մոգերը եղան Աստուծմէ պատրաստած եւ ծրագրած պատգամները որոնք մեզի կը սորվեցնեն թէ ինչպէս կարելի է յարգանքի եւ սիրոյ տուրք մատուցանել այս պզտիկ մանուկին որ խեղճ մսուրի մը մէջ ծնաւ եւ որ եղաւ համայն մարդկութեան նոր թագաւորը:
Մոգերը տեսնելով այս նոր կազմուած ընտանիքը իրենց գանձերը տուին՝ ոսկի, խունկ եւ զմուռս, հասկցնելով մարդոց թէ այս մանուկը պիտի ըլլայ թագաւորը նոր մարդկութեան:
Միակ խոնարհ սրտով մարդը՝ կրնայ ընդունիլ մոգերու այս ճամբան որ է մեր հոգեւոր նոր կեանքին ճանապարհը: Այն է որ կրնայ ծունկի գալ նոր տկար մանուկին առջեւ որ Բեթղեհէմի խեղճ քարայրին մէջ կը ծնի:
Մանուկին յայտնութիւնը լաւ կը հասկնանք երբ մեր հպարտանքը եւ եսասիրութիւնը կը նետենք մեր անցէն, մեր կեանքին նոր իմաստ մը տալու որ է Աստուածային սէրը որ մանուկին միջոցաւ մարդ եղաւ:
Այս մսուրը մեզի կը հասկցնէ Աստուածային ճշմարտութեան յայտնութիւնը որ է Աստուծոյ նոր ճշմարտութիւնը:
Աստուած իմ օգնէ ինծի որ քեզի հաւատամ, օգնէ ինծի որ քեզ տեսնեմ հաւատքի աչքերով որովհետեւ միայն հաւատքով կրնամ քեզի մօտենալ: Ամէն:
All the contents on this site are copyrighted ©. |