2016-01-05 09:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պատարագը Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Աստուածայայտնութեան տօնին սուրբ պատարագը ապա ժամը 12-ին իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ աւանդական Մարեմեան աղօթքը։

Նոյն օրը` Յուլիանոս կայսրի օրացոյցին հետեւող քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար ճրագալոյց է Սուրբ Ծննդեան, մինչ Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնախմբէ Յիսուսի Յայտնութեան ու Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Սովորութիւն է որ այս առթիւ Քահանայապետը բարեմաղթական պատգամ ուղղէ քոյր եկեղեցիներուն։

6 Յունուարին պիտի հրատարակուի ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ''Քահանայապետական աղօթքներու դիտաւորութեան'' լսատեսողական պատգամը։ Նոր նախաձեռնութիւն մը որ սկիզբ կ՛առնէ այս տարի` Յունուար ամիսէն սկսեալ, որուն ընդմէջէն Քահանայապետը, ամէն ամիս, լսատեսողական մէկ պատգամով մը կը մեկնաբանէ ամէն ամսուայ առթիւ հրատարակուած ''Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները''։
Այս առընչութեամբ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին վերոնշեալ ձեռնարկը նախաձեռնող` Յիսուսեան հայր Ֆրետերիք Ֆորնոս` աղօթքի առաքելութեան միջազգային գրասենեակի տնօրէնը, բացայայտած է թէ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները կ՛օգնեն ճանչնալու աշխարհի ու եկեղեցւոյ դիմաց կայացած մարտահրաւէրները եւ թէ Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն շրջագիծէն ներս իրականացուած այս ձեռնարկին նպատակն է օգնել մարդոց` եւ ոչ միայն կաթողիկէներուն, աղօթելու եւ գործելու մարդկութեան ու եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։

Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոս ակնարկելով 2016-ի Յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութիւններուն յայտնած է թէ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղած է տարբեր կրօններու պատկան այրերու ու կիներու միջ-կրօնական անկեղծ երկխօսութիւն մը հաստատելու, ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան։

Հայր Ֆորնոս ապա յոյս յայտնած է որ այս աղօթքի նախաձեռնութիւնը սատարէ որպէսզի մեր աշխարհը դառնայ աւելի զօրակից եւ գթասիրտ` յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.