2016-01-05 09:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը ''Կրէչչոյի'' մսուրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 4 Յունուար 2016-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Լացիօ Մարզի մէջ գտնուող Կրէչչօ գիւղաքաղաքին` ուր 1223 Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին  հաստատած է առաջին  մսուրը եւ ուր այսօր կառուցուած է Սուրբ Մսուրի Սրբավայրը։

Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն Կրէչչօ մեկնեցաւ ինքնաշարժով այցելութիւն տալու նաեւ տեղւոյն եպիսկոպոսին` Գերապայծառ Տոմէնիքօ Փոմբիլիի։

Ժամը 14,20-ին եպիսկոպոսին հետ միասին ուղղուեցան Կրէչչօ ուր Քահանայապետը նախ ողջունեց երիտասարդներու խումբ մը որոնք կը մասնակցին թեմական հանդիպումի մը ''Կրէչչօ Երիտասարդութիւն 2016'' բնաբանով։

Երիտասարդներու ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք իրենց կեանքի ընթացքին դիմելու միշտ Տիրոջ ու հրաւիրեց ըլլալ Անոր նման խոնարհ եւ հեզ։ ''Որոնեցէք Աստուծոյ աստղը որ ձեզ կ՛առաջնորդէ'' պատգամեց Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն։ 

Քահանայապետը ապա այցելեց Սրբավայրը ուր պահ մը լռելեան աղօթեց Սրբավայրի մէջ գտնուող իւղանկարին առջեւ որ կը պատկերացնէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Կրէչչոյի մէջ կառուցած առաջին մսուրը հուսկ հանդիպում ունեցաւ Սրբավայրի Ֆրանչիսկեան հասարակութեան հետ ու հանդիպումի աւարտին վերադարձ կատարեց Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.