2016-01-05 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապէն նամակ Արամ Ա. Կաթողիկոսին


Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը եւ յանձնեց Հայոց Ծննդեան տօնին առիթով Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններ յայտնող Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը: Պապական Նուիրակը նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին փոխանցեց Վատիկանի գլխաւոր պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնները: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութան 100-ամեակին առիթով ընդհանրապէս Վատիկանի ու յատկապէս Ֆրանչիսկոս Պապին հայ ժողովուրդին արդար դատին նկատմամբ ցուցաբերած ամբողջական զօրակցութեան համար:

Ապա խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի նոր զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յառաջացած լարուածութեան: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ որ ամէն գնով առաջքը առնուի այս լարուածութեան առաւել բարդացման, որուն հետեւանքները կրնան ըլլալ ժխտական ամբողջ Միջին Արեւելքէն ներս: Նաեւ քննարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց Պապական Նուիրակին, որ Վատիկանի անունով քաղաքական կողմներուն հետ հանդիպումներ ունենայ, թելադրելով որ հեռու պահեն Լիբանանը շրջանային հարցերէն եւ առաջնահերթութիւն ընծայեն նախագահական ընտրութեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.