2016-01-05 08:21:00

Տօն Աստուածայայտնութեան և Մկրտութեան Տ. Մ. Յիսուսի Քրիստոսի և Ջրօրհնէք:


Ս. Ծնունդը, աւելի հին կոչումով՝ Աստուածայայտնութիւն ու Մկրտութիւն, քրիստոնէութեան ամէնէն հին ու ժողովրդական տօն է: Սկզբնական շրջաններուն քրիստոնեաները ունեցած են երկու կարեւոր տօներ՝ Տօն Յայտնութեան Քրիստոսի, այսինքն Ծնունդը, և Զատիկը՝ Քրիստոսի Յարութեան տօնը:
451 թուին Քաղկեդոնի ժողովի ընթացքին՝ Հռոմի եկեղեցին Դեկտեմբեր 25-ը որոշեց Յիսուսի Ծննդեան օր, իսկ Յունուար 6-ը Յիսուսի Մկրտութեան տօնը: Մինչեւ Դ. դար, Աստուածայայտնութեան տօնը բոլոր քրիստոնեաները միասնաբար կը տօնէին Յունուար 6-ին, Դ. դարէն ետքը Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ որոշումով, Յիսուսի Ծնունդը սկսան տօնել Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Մկրտութիւնը Յունուար 6-ին: Այս դէպքին պատճառը այն է, որ Վատիկանի այժմեան տեղը Միթրայի յիշատակի համար կառուցուած մեհեան էր և կը հանդիսանար Հռոմի ամենէն աւելի շքեղ ու փառաւոր տաճարը: Հեթանոսական շրջանին՝ Դեկտեմբեր 21-31ը արեւու աստուծոյ՝ Միթրայի ծննդեան տօնն էր, որ կը տօնախմբուէր Դեկտեմբեր 25-ին: Այս տօնախմբութեան վերջ դնելու համար Վատիկան որոշեց այդ նոյն թուականին տօնել Յիսուսի Ծնունդը, այս անգամ որպէս Արդարութեան Արեգակի ծննդեան տօնախմբութեան օր: 
Հայոց մօտ Ս. Ծննդեան գլխաւոր շարականն է «Խորհուրդ Մեծ և Սքանչելին որ այսօր յայտնուեցաւ, հովիւները կ'երգեն զուարթուններուն հետ, Աւետիս տալով աշխարհին: Ծնաւ նոր Արքայ Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, մարդու որդիներ օրհնեցէք, որովհետեւ մեզի համար մարդացաւ»:
Իսկ Յունուար 6-ին, Յիսուսի Աստուածայայտնութեան Տօնին, պատարագէն անմիջապէս ետք կը կատարուի Ջրօրհնէք, ի յիշատակ Յիսուսի մկրտութեան: Տեղ-տեղ սովորութիւն կայ Ջրօրհնէքը գետի կամ լիճի ափին կատարել, ինչ որ աւելի տարածուած սովորութիւն մըն է Յունաց մէջ: Իսկ Հայոց մօտ, նոյն առթիւ՝ Ջրօրհնէքը եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.