2016-01-05 08:39:00

Ս﹒ Երկրին օգնութեան հասնող եպիսկոպոսական մարմինը Սուրբ Երկիրը կ՛այցելէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 7 Յունուարին Ս﹒ Երկրին օգնութեան հասնող մարմինը կազմուած ԱՄՆի, Գանատայի, Եւրոպայի ու Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսներէն` 7-14 Յունուար Ս﹒ Երկիրը պիտի այցելեն և պատարագ պիտի մատուցանեն Կազայի ս﹒ Ընտանիքի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ ապա պիտի անցնին Բեթղեհէմ հուսկ պիտի մեկնին Յորդանան ուր իրենց նպաստը պիտի տան Յորդանան ապաստանող Իրաքի ու Սուրիացի գաղթականներուն։

Ս﹒ Երկրին օգնութեան հասնող մարմինը իրենց տարեկան այս ուխտագնացութեամբ քրիստոնեաներուն համար առանձնաշնորհում չեն պահանջեր այլ կը խնդրեն լոկ  անոնց իրաւունքներուն պահպանումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.