2016-01-05 09:49:00

Հայր Տհիյա Ազիզ ազատ արձակուած է։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ` Հայր Տհիյա Ազիզ`Սուրիոյ Եաքուպիէ շրջանի ժողովրդապետը, որ անցեալ 23 դեկտեմբերին առեւանգուած էր ծայրայեղ խմբաւորումներու կողմէ, ազատ արձակուած է։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Երկրի Պահակ` Հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլա որ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայր Ազիզի ազատ արձակման համար եւ յոյս յայտնեց որ ազատ արձակուին նաեւ առեւանգուած միւս բոլոր կղերականները որոնց շարքին է նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմին անդամ կուսակրօն Քահանայ Հայր Միքայէլ Քայալ։ 

Հայր Տհիյա Ազիզ ծնած է Մոսուլի մէջ` 10 Յունուար 1974-ին։ Կրօնաւորական կեանքի ուխտերը կատարած է 2002-ի ապրիլ մէկին ու ապա լուծուած է Միջին Արեւելքի երկիներու մէջ ծառայութեան։ Անցեալ Յուլիսին ան դարձեալ առեւանգուած էր ու դարձեալ ազատ արձակուած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.