2016-01-04 10:25:00

Սէուտական Արաբիան կը խզէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի հետ։


Սէուտական Արաբիան յայտարարած է Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ AFP գործակալութիւնը` յղում ընելով այդ երկրի ԱԳՆ յայտարարութեան:

«Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ալ-Ճուպէյր յայտարարած է Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին», – ըսուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան Twitter-ի պաշտօնական էջին մէջ:

Սէուտական Արաբիան իրանցի դիւանագէտներէն խնդրած է երկրի տարածքը լքել 48 ժամուան ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ առաւօտեան յայտարարեց, որ մահապատիժի ենթարկած է 47 անձեր, որոնց շարքին` շիի հոգեւորական շէյխ Նմըր Նմըրը: Իրան անմիջապէս հակազդեց` նշելով, որ Ռիատ շէյխ Նմըրի սպանութեան համար սուղ գին պիտի վճարէ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի դատապարտեց շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու Ռիատի քայլը` վստահեցնելով, որ սէուտցի քաղաքագէտները պիտի ենթարկուին աստուածային վրիժառութեան: Ան նշեց, որ շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելը Սէուտական Արաբիոյ կողմէ գործուած «քաղաքական սխալ» մըն է, որուն հետեւանքները պիտի կրեն սէուտական վարչակարգի քաղաքագէտներն ու ղեկավարները:

Նշենք, որ իրանցի բազմաթիւ այլ ղեկավարներ զգուշացուցին, որ Սէուտական Արաբիան իր կատարած քայլին համար սուղ գին պիտի վճարէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավարը եւ անոր փոխանցեց բողոքագիր մը: Հանդիպումին ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան աջակցելու յանցանքով` նշելով, որ կարելի չէ արդարացնել Ռիատի վարած շրջանային սխալ քաղաքականութիւնը: Ռիատ իր կարգին իր մօտ կանչեց Իրանի դեսպանը` անոր փոխանցելու համար իրանեան կողմէն հնչող յայտարարութիւններուն դէմ բողոք մը:

Միւս կողմէ, Իրանի մէջ տեղի ունեցան բողոքի բուռն ցոյցեր, որոնց ընթացքին հրկիզուեցան Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը եւ Մեշհատի մէջ սէուտական հիւպատոսարանը, ինչ որ իրանեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մղեց քաղաքացիներուն կոչ ուղղելու` սէուտական դիւանագիտական առաքելութեանց առջեւ չհաւաքուելու եւ ոստիկանութեան կողմէ այդ վայրերուն պաշտպանութեան:

Թեհրանի ընդհանուր դատախազը յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է չորս անձեր, որոնք սէուտական դեսպանատուն ներխուժած անձերու շարքին էին, իսկ մնացեալ յանցագործներուն յայտնաբերման շուրջ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան եւ հիւպատոսարանի հրկիզումը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին այդ արարքին նկատմամբ ցաւ յայտնեց:

Նշենք նաեւ, որ Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան եւ հիւպատոսարանի փողոցները վերանուանուեցան շէյխ Նմըր Նմըրի անունով:








All the contents on this site are copyrighted ©.