2016-01-04 10:13:00

2015 տարւոյն ընթացքին աշխարհի մէջ սպաննուած են 22 քարոզիչներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս 7-րդ տարին է որ Ամերիկան կը շահի քարոզիչներու սպանութեան 2015-ի տխուր մրցանիշը` ուր սպաննուած են 8 եկեղեցականներ մինչ Ափրիկէի մէջսպաննուած են 5 կղերականներ իսկ Ասիայի մէջ 7 կղերականներ։

Նշենք որ կղերականներու սպանութիւնը հետեւանքն է գողաւազակութեան ու արդիւնքը ընկերութեան բարոյական նահանջին։

Հարկաւոր է անոնց սպանութեան լուրը հաղորդել արթնցնելու բարի կամք ունեցող մարդոց խիղճը եւ կերտելու համար ընկերութիւն մը միշտ աւելի արդար ու զօրավիգ։

Յիշեցնենք որ այս հրապարակուած ողբերգական ցանկին շարքին աւելցնելու ենք անհամար զոհերու ցանկը` որոնք երկրագունդի զանազան վայրերու մէջ կը տառապին ու իրենց կեանքը կու տան իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.