2016-01-03 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Կանչուած ենք մեր սրտին դուռը բանալու Յիսուսի Խօսքին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 3 Յունուար 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները անդրադարձաւ Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած ''Եւ Բանն Մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ'' հատուածին (Յովհ 1,14)։

Այդ Բանը որ կը բնակէր երկնքի մէջ, եկաւ աշխարհ որպէսզի մենք ունկնդրենք զայն ու մեր ձեռքով դպչինք Հօր սիրոյ։

''Աստուծոյ Բանը նոյնինքն Անոր Միածին Որդին է որ մարդացաւ եւ որ լի է սիրով եւ հաւատարմութեամբ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով այս իրողութեան ի տես մարդկութեան ընտրած ճանապարհին։ ''Բանը լոյս է, սակայն մարդիկ նախընտրեցին խաւարը։ Բանը եկաւ իրենիններուն մօտ սակայն անոնք զայն չ՛ընդունեցան։ Չարին առեղծուածն է որ մեր կեանքին կը սպառնայ ու մեզմէ կը պահանջէ հսկողութիւն` որպէսզի ան չտիրապետէ մեր վրայ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը  զգուշացնելով չարէն ու յորդորելով` բանալ մեր սրտերու դռները Աստուծոյ Խօսքին դիմաց որպէսզի դառնանք Անոր զաւակները։

''Սուրբ Ծննդեան օրը ընթերցուած Յովհաննէսի այս աւետարանի հատուածը հրաւէր մըն է ընկալելու փրկութեան Խօսքը` լոյսի խորհուրդը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ ''եթէ ընկալենք զայն պիտի աճինք Տիրոջ սիրոյ ու ճանաչողութեան մէջ ու պիտի սորվինք ըլլալ Անոր նման ողորմած''։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւէր ուղղեց, յատկապէս Ողորմութեան այս Սուրբ Տարուայ ընթացքին, այնպէս մը ընել որ Աւետարանը միշտ աւելիով դառնայ մարմին մեր կեանքին մէջ։

''Մօտենանք Աւետարանին, խորհրդածենք ու զայն իւրացնենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, այս է ամենալաւ ձեւը ճանչնալու Յիսուսը ու զայն տանելու ուրիշներուն։ Այս է կոչումն ու ուրախութիւն ամէն մէկ մկրտեալի'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու որդիական զգացումներով հայցեց Մարիամի` Յիսուսի անուշիկ Մօր ու մեր Մօր բարեխօսութիւնը, ու յորդորեց ընկալել Աստուածամայրը մեր կեանքին մէջ որպէս Մայր եւ դաստիարակ, որպէսզի Անոր ներկայութիւնը մեզ օգնէ հետեւելու Յիսուսին, ունկնդրելու զայն ու աղօթելու Անոր որպէսզի միշտ միացած ըլլանք Անոր հետ։

Օրը օրին կարող ենք Մարիամէն սորվիլ իսկական աղօթքը որ մեր մէջ կը ներգործէ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։ Սորվինք մեր սիրտը միշտ Յիսուսին բանալ մեր առօրեային մէջ, հակառակ դժուարութիւններուն եւ ուրախութիւններուն։ Աստուծոյ հետ այս սերտ յարաբերութեան մէջ է որ Բանը կրնայ բնակարան հաստատել նաեւ մեր` աղքատիկ ու մեղաւոր սրտերուն մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները յատկապէս ողջունելով ընտանիքներն ու ժողովրդապետութիւններու զանազան խումբերը։

Ան ապա նորոգեց խաղաղութեան ու Տիրոջ բարիքներու բարեմաղթութիւնները ու հրաւիրեց` ըլլայ տխուր ըլլայ ուրախ պահերուն, դիմել Տիրոջ` մեր յոյսին, ապա վերյիշեց Նոր տարուայ յանձնառումը ''Յաղթահարել անտարբերութիւնը եւ ձեռք բերել խաղաղութիւնը'' հուսկ հրաժեշտ առաւ ներկաներէն մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.