2016-01-02 16:28:00

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն - Ը Կիրակի Յիսնակաց։


Որ մեծն է ի ձեզ՝ եղիցի իբրեւ զկրտսերն

«Այլ դուք՝ ո՜չ այնպէս։Դուք այնպէս մի ըլլաք։» Մեկին են Յիսուսի խօսքերը, դիպուկ եւ այժմէական։Նկատի առնելով ներկայ ընկերութեան կառոյցը, կրնանք Յիսուսի յորդորը այսօրալ անփոփոխ կերպով քարոզել։ Յիսուս իր առաքեալներուն ճղճիմ վիճաբանութիւնըլսելով, կ᾿ըսէ՝ «Ազգերու թագաւորները կը տիրեն անոնց վրայ, եւ անոնք որոնքկ᾿իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին. այլ դուք այդպէս մի ըլլաք։» Յիսուսիհետեւելու ճանապարհին վրայ չկայ միջակութիւն։ «Այոն» այʹո է եւ «ոչը»՝ ոʹչ։Այսօրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցուածի մէջ վճռական է Յիսուսի «ոչ»ը՝ «Այլդուք՝ ոʹչ այնպէս։» Միʹ ըլլաք նման անոնց, որ իշխանութեան վրայ են եւիրենց իշխանութիւնը կը չարաշահեն. միʹ ըլլաք անոնց նման, որոնք կը տիրեն ուկ᾿իշխեն՝ սակայն իբր բարերար կը ներկայանան. միʹ ըլլաք անոնց նման, որայսպէս կոչուած բարերարներու երկրպագութիւն կը մատուցանեն։ Յիսուս չիդատապարտեր քաղաքական իշխանութիւնը ինքնին. չի դատապարտեր մարդկայինհասարակութեան մէջ տիրող նուիրապետական կամ իշխանապետական կարգերը։ Յիսուսկը դատապարտէ դիրքի եւ իշխանութեան չարաշահումը։ Սուրբ Աւետարանի հոգինմեզի կը սորվեցնէ, թէ որքան անհատ մը բարձրանայ ընկերութեան կամ մարդկայինհասարակութեան մէջ, այնքան աւելի անոր ծառայութեան հոգին պէտք է հասուննայ.ան պէտք է միշտ աւելի համեստութեան ու խոնարհութեան առաքինութիւններունմէջ խորանայ։ Իշխանութիւն ստանձնել՝ կը նշանակէ ծառայելու պարտականութիւնըեւ ծառայելու պատիւն ընդունիլ, եւ ոչ թէ պատուուիլ ծառայական արարքներուընկալումով։ Յիսուսի յորդորը կ᾿ընդվզեցնէ մարդկային տրամաբանութիւնը՝ «Որմեծն է ի ձեզ՝ եղիցի իբրե զկրտսերն, եւ առաջնորդն իբրեւ զսպասաւորն։ Ձերմէջ մեծը՝ կրտսերի նման թող ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի նման։» Մինչմարդկային տրամաբանութեամբ պիտի յորդորէինք՝ «ձգտէ իշխանութեան, ձգտէ շահի,ձգտէ կեանքի մը, ուր ուրիշները քեզի ծառայեն. ձգտէ տիրապետելու՝ապահովելու համար քուʹ հանգիստդ, քուʹ շահերդ, քուʹ առաւելութիւններդ ...»Քրիստոնէական հոգիի հակառակ է իշխանութեան չարաշահում, բռնութիւն՝ տկարինվրայ, հպատակները ստիպել ծառայութիւն մատուցանելու, բարեգործութիւնկատարել՝ պատիւներու ակնկալութեամբ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է քննէ իրխիղճը՝ թէ արդեօք ինք անձամբ, կամ այն ընկերային կամ քաղաքական, կրօնականկամ մշակութային կառոյցը, որուն կը պատկանի, կը համապատասխանե՞ն Յիսուսիքարոզած սկզբունքներուն։ Եթէ ոչ՝ այն ժամանակ պէտք է ճշդենք մեր ուղին։Պէտք է դարձ կատարենք դէպի մեր հաւատքի սկզբունքները։ Հայ ժողովուրդըինքզինք հպարտանքով «առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ» կ᾿անուանէ։ Որքանո՞վ այդկը համապատասխանէ մեր կեանքին մեր վարք ու բարքին։ Յիսուս իր առաքեալներուայս յորդորները տալով կ᾿աւելցնէ՝ «Դուք էք՝ որ ցանգ կայիք ընդ իս իփորձութիւնս իմ։ Դուք որ իմ փորձութիւններուս ժամանակ միշտ իմ կողքիս էիք»։Ասոնք այն անհատներն են, որոնք կը հետեւին Յիսուսի հաւատարմութեամբ,հարատեւութեամբ, մաքուր սրտով. առանց փախուստ տալու փորձութիւններէն. առանցընկրկելու ծաղրանքի, հալածանքի, զրպարտութեան եւ վիրաւորանքի դիմաց։Անոնք, որոնք ամէն օր իրենց խաչը կը կրեն՝ համբերութեամբ եւ լռութեամբ.անոնք, որոնք կը ծառայեն հեզութեամբ, համեստութեամբ, խոնարհութեամբ. անոնք,որոնք իրենց ամենօրեայ քրիստոնէական պարտականութիւններու կատարումով,կ᾿ընթանան Սուրբ Աւետարանի քարոզած ճանապարհէն։ Ահա ասոնց է որ Յիսուսկ᾿ուղղէ իր խօսքը ըսելով՝ «Եւ ես ուխտեմ ձեզ որպէս եւ հայր իմ ուխտեաց ինձզարքայութիւն։ Ես կ᾿ուխտեմ ձեզի արքայութիւնը, ինչպէս որ իմ Հայրս զայնուխտեց ինծի։» Նոր Կտակարանը, Նոր Ուխտը Յիսուսով կ᾿իրականանայ։ Յիսուս ինքն է Նոր Ուխտը։ Իր խօսքերուն մէջ Յիսուս կ᾿ուխտէ տալ արքայութիւնը։Աստուծոյ ուխտը անջնջելի է։ Յիսուս իր խոստումը կը շեշտաւորէ «ուխտել» բառի գործածութեամբ։ Յիսուսի համար ետդարձ չկայ։ Ան կը մարդանայ փրկելու համարմարդկութիւնը. կը պատրաստուի բարձրանալու խաչ՝ կատարելու խոստումը, տունվերադարձնելու ցրիւ եկած հօտը, Հօր Հօր վերադարձնելու մոլորեալ զաւակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.