2016-01-02 13:17:00

Թէզէի հասարակութիւնը աւելի եղբայրական աշխարհի մը ի նպաստ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աւելի քան 25 հազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, եկած աշխարհի չորս ծագերէն,  այս օրերուն հաւաքուած էին Սպանիայի Վալենսիա քաղաքին մէջ մասնակցելու Թէզէի համամիութենական հասարակութեան տարեկան հաւաքին` ''վստահութեան ուխտագնացութիւնը այս աշխարհի վրայ'' բնաբանով որուն  ենթատիտղոսն էր  ''ողորմութեան քաջութիւնը''։

Թեզէի հասարակութեան սոյն նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է 70 տարի առաջ, երիտասարդական շարժումին հիմնադիր` եղբայր Ռոժէի կամքով ։ Հանդիպումին նպատակն է ընդառաջել բազմաթիւ երիտասարդներու իղձին﹒ միատեղ հաւաքուելու ու իրարու հանդիպելու եւ միասնաբար որոնելու գործօն քրիստոնեայ ըլլալու ձեւը ժամանակակից ընկերութեան մէջ ինչպէս նաեւ հասկնալու թէ ինչպէս  դրականօրէն ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը։

Եղբայր Դաւիթ` 2015-ի հաւաքին կազմակերպիչներէն մին, ընդառաջելով Ռատիովատիկանի խնդրանքին սիրայօժար հարցազրոյց մը շնորհեց` պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Հանդիպումին նպատակն է ըսաւ եղբայր Դաւիթ` ընդառաջել բազմաթիւ երիտասարդներու հանդիպելու բաղձանքին։ Այս տարեկան հանդիպումները իրենց պարզութեան մէջ առիթ ընծայեցին երիտասարդներուն ճանչնալու տեղական եկեղեցւոյ մը իրականութիւնը։ Այս տարի հոս Վալենսիայի մէջ դուրսէն եկած երիտասարդները կարելիութիւն ունեցան իրարու հանդիպելու, միասնաբար աղօթելու ու հարցադրելու թէ ի՞նչպէս կարելի է ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը ներկայ աշխարհին մէջ։

Այս հինգ օրերու հաւաքի ընթացքին եղբայր  Ալուա ցնցիչ խորհրդածութիւն մը կատարեց ''Ողորմութեան քաջութիւնը'' նիւթին մասին։ Ան հարց տուաւ թէ ի՞նչպէս կարելի է ապրիլ դրականօրէն ողորմութիւնը երբ կ՛ապրինք աշխարի մը մէջ ուր կը տիրէ ատելութիւնը։ Երիտասարդները  իսկապէս ցնցուած են ի տես բազմաթիւ գաղթականներու ապրած կեանքին։ Ի՞նչ կարող ենք ընել դառնալու Աստուծոյ սիրոյ մէկ նշանը։

Ի՞նչ մնաց եղբայր Ռոժէի ուսուցումէն հարցումին եղբայր Դաւիթ պատասխանեց﹒ Եղբայր Ռոժէ` Թեզէ հասաւ 1940-ին, պատերազմին ընթացքին հիւրընկալեց պատերազմի փախստականներն ու գաղթականները։ Այսօր մենք նոյնը կ՛ ընենք հիւրընկալելով Սուտանէն̦ Աֆղանիստանէն ու Իրաքէն ընտանիքներ, երիտասարդներուն կ՛ըսենք որ մենք եւս կարող ենք սատարել խաղաղութեան հաստատումին։ Կարող չենք կրաւորականօրէն դիտել այն ինչ որ կը պատահի մեր շուրջ, մենք միասնաբար կարող ենք կերտել աւելի արդար ու աւելի մարդկայնական աշխարհ մը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.