2015-12-31 11:44:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հանդիպումը ''Pueri Cantores'' Պատանի երգիչներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 31 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Pueri Cantores'' Պատանի երգիչներու ''երգեցէք ձեր յոյսը'' բնաբանով միջազգային 40-րդ ժողովի մասնակցող 6 հազար պատանիներուն։

'Pueri Cantores'' Պատանի երգիչներու միջազգային ժողովին յայտագիրը սկիզբ առաւ Երկուշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2015-ին ու կ՛եզրափակուի ուրբաթ` մէկ Յունուար 2016-ին ս. Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կայացած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ։

Ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանեց պատանիներուն իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց այս ծառայական գործին մէջ ի սպաս եկեղեցւոյ եւ ի փառս Աստուծոյ։

Խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ երգը նպաստաւոր բարիք մըն է հոգւոյն համար, ապա ակնարկեց Սուրբ Օգոստինոսի քրիստոնէական կեանքի յատկացուած խօսքին որուն մէջ Սուրբը կը հրաւիրէ ''երգել ու քալել''։

Քահանայապետը ապա պատասխանելով իրեն ուղղուած մէկ հարցումին թէ ինչպէս ինք կարող է միշտ բարի ըլլալ պատասխանեց թէ իսկական բարին միայն Աստուած է եւ թէ ինք կը ջանայ պարզապէս մօտենալ Տիրոջ` Անորմէ հայցելով շնորհքը դառնալու բարի, մարդկային սահմանափակումներուն հանդերձ։

Սրբազան Քահանայապետը աղա յայտնեց թէ նոր տարուայ որպէս դիտաւորութիւն որոշած է աւելիով աղօթել որովհետեւ աշխարհն ու եկեղեցին կարիքն ունին աղօթքին ու քահանային եւ եպիսկոպոսին պարտականութիւնն է աղօթել։

Այս հարցումի մը պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը պատանիներուն խոստովանեցաւ թէ իր մանկութեան իղձը եղած էր դառնալ մսավաճառ, հուսկ ակնարկելով առօրեայ տխուր եւ ողբերգական լուրերուն որուն ականատես են մանուկները Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ պատերազմները կը յառաջացնեն աղքատութիւն, կործանում եւ տխրութիւն...եւ հրաւիրեց ներկաները աղօթելու անոնց համար որոնք կը տառապին պատերազմներու հետեւանքներէն եւ զրկուած են ամէն բանէ որոնց շարքին յատկապէս մանուկները։ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ չարի ու բարիի միջեւ մարտնչումին ու այն իրողութեան թէ շատ անգամ աւելի կը խօսուի չարութիւններու մասին քան գործուած բարիքի մասին` կարծես թէ բարին ձանձրացուցիչ իրողութիւն մը ըլլար։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց պատանիները ներկայացնելու այլ երգ մը հուսկ գնահատեց կատարողութիւն եւ բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը անոնց մաղթելով շնորհաւոր նոր Տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.