2015-12-30 11:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Ամերիկայի եւ Մեծն Պրիտանիոյ մէջ բնական աղէտներուն ի տես։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 30 դեկտեմբեր 2015-ի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ մը ուղղեց Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Պրիտանիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի ու յատկապէս Փարակուէյի մէջ տեղի ունեցող բնական աղէտներուն ի տես, որոնք պատճառեցին անհամար վնասներ ու բազմաթիւ տեղահաններ, ու խնդրեց աղօթել այդ աղէտներու թիրախ դարձած զոհերուն համար։ Տէրը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այդ բնակիչներուն շնորհէ սփոփանք եւ եղբայրական զօրակցութիւնը թիկունք կանգնի անոնց կարիքներուն։

Սոյն կոչէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով խոկալու ս. Մսուրի մասին որպէսզի  օգնէ երիտասարդները Սուրբ Ընտանիքին մէջ գտնելու իսկական սիրոյ տիպարը, Հիւանդներուն թիկունք կանգնի իրենց ցաւի պահերուն` որպէս միութիւն Յիսուս հետ ի սպաս աշխարհի փրկութեան եւ նորապսակեալները քաջալերէ իրենց տունը կառուցելու Աստուծոյ Խօսքի ժայռին վրայ` ի նմանութեան Նազարէթի տան որ է վայր ընկալութեան, սիրոյ, հասկացողութեան եւ ներումի։








All the contents on this site are copyrighted ©.