2015-12-30 14:10:00

Հայ եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներուն մէջ նոր տարուան գիշերը գոհաբանական մաղթանք


Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ամանորի գիշերը` ժամը 24:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներուն մէջ, պիտի կատարուի Գոհաբանական մաղթանք եւ նռնօրհնէք: Այդ մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի լրատուական ծառայութենէն:

Նռնօրհնէքի համար նախատեսուած նուռը այս տարի Մայր Տաճարին ընծայած են ԼՂՀ իշխանութիւնները:

«Կը յորդորենք մեր ժողովուրդին մասնակցելու Գոհաբանական մաղթանքին եւ նռնօրհնէքի արարողութեան», -ըսած է Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.