2015-12-29 10:25:00

''Երգեցէք ձեր յոյսը'' Պատանի երգիչներու միջազգային ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Pueri  Cantores'' Պատանի երգիչներու միջազգային 40-րդ ժողովը գումարուած է Վատիկանի մէջ 28 դեկտեմբերէն մինչեւ 1 յունուար 2015` ''երգեցէք ձեր յոյսը''  բնաբանով որ է կոչ մը եւ քաջալերանք ուղղուած պատանի երգիչներուն։

Վերոնշեալ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 երկիրներէ ժամանած 6 հազար պատանիներ միասնաբար տօնախմբելու համար Ողորմութեան Յոբելեանը։

Պատանի երգիչներու հոգեւոր հարստութեան  ի տես, անոնք կը ներկայացնեն ճշմարիտ յոյս մը աշխարհին ու մասնաւորապէս չափահասներուն։ Արդարեւ պատանիները չափահասներէն աւելի զգայուն են զիրենք շրջապատող դրական թէ ժխտական արժէքներուն նկատմամբ, կը հակազդեն չարին, կ՛ապրին ճշմարիտ սէրը, կ՛ապստամբին անարդարութեան։ Այս պատճառաւ կարիքը կայ որ անոնք ոչ միային բարձրաձայն աղաղակեն, այլ սրտանց երգեն իրենց հոգեւոր հարստութիւնը եւ ուրիշներու մէջ արթնցնեն յոյսը։

''Pueri  Cantores -ի  պարման-պարմանուհիները եռանդով կը նուիրուին երգին։ Երգի միջոցաւ ծառայութիւն կը մատուցանեն հաւատացեալներուն, մասնակցելով ծիսական արարողութիւններուն։ Անոնք միջազգային ժողովին ընթացքին առիթը պիտի ունենան անցնելու Ս. Դուռէն եւ ընդունելու` Աստուծոյ Ողորմութիւնը։

Երանելի Պօղոս Զ Պապը անոնց ուղղած մէկ խօսքին մէջ ըսած էր. դուք Եկեղեցւոյ մէջ կը նմանիք ծիսական Ալէլուիային` միշտ նոր ու վերանորոգ ուրախութիւն մըն էք։

Pueri  Cantores եկեղեցական շարժումը ներդաշնակօրէն կ'ապրի Եկեղեցւոյ  Ծիսակատարութեան հետ։ Անոնցմէ ամէն մէկ երգիչ-երգչուհին պատգամաբեր մըն է գեղեցկութեան, խաղաղութեան ու յոյսի` այսօրուան աշխարհին։ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ, ամէն անհատ իր սրտին մէջ կը կրէ զօրութիւնը` կերտելու բարի աշխարհ մը։

Pueri  Cantores Պատանի երգիչներու միջազգային ժողովին յայտագիրը սկիզբ առաւ Երկուշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2015-ին անոնց Հռոմ ժամանումով։ Յետմիջօրէին թափօրով անցք կատարեցին ս. Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ դռնէն իսկ Երեկոյեան ժամը 6-ին` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  միջազգային ժողովին բացումը` նախագահութեամբ գերապայծառ ֆիզիքելլայի` նախագահը նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։

Երեքշաբթի 29  դեկտեմբերին առաւօտ տեղի ունեցան զանազան լեզուներով ու տարբեր եկեղեցիներու մէջ ծիսակատարութիւններ իսկ երեկոյեան նախատեսուած են յոյսի համերգներ, միշտ զանազան եկեղեցիներու մէջ։

Չորեքշաբթի 30 դեկտեմբերի առաւօտեան տեղի կ՛ունենայ աղօթք աշխարհի խաղաղութեան համար, իսկ երեկոյեան նախատեսուած է համերգ մը։

Հինգշաբթի` 31 դեկտեմբերի առաւօտուն հաւաքի մասնակիցները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու  ֆրանչիսկոս Պապին եւ ուրբաթ` մէկ Յունուար 2016-ին ս. Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կայացած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ եզրափակումը կը կատարուի  '''Pueri  Cantores'' Պատանի երգիչներու միջազգային ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.