2015-12-29 12:56:00

Ասորիներու Եունան Պատրիարքը այցելեցութին շնորհեց Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ին,  Կաթողիկէ Ասորիներու Գերերջանիկ Եունան Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Եւրոպայի  Կաթողիկէ Ասորիներու թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ` Քաս եպիսկոպոս Մուսայի, այցելութիւն  շնորհեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Գրիգոր Ի Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին, Պէյրութի Պատրիարքարանին մէջ։

Ասորիներու Պատրիարքին ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան ժամանելնուն դիմաւորուեցան Պէյրութի թեմի  օգնական Եպիսկոպոս` Արհիապատիւ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, Գէորգ Ծայրագոյն վարդապետ Եղիաեանի, ինչպէս նաեւ Սեպուհ վրդ.Կարապետեանի կողմէ։

Հանդիդպումի ընթացքին, Ասորիներու Պատրիարք ու  Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս-Պատրիարքը  բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին Յիսուսի  Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի զոյգ տօներու առթիւ։ Քննարկուեցան ապա՝ Լիբանանն ու լիբանանցիները յուզող հրատապ խնդիրներ, ինչպէս նաեւ երկրին նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը,  շրջանային ողբերգական իրադարձութիւնները, քրիստոնեաներուն տագնապալի վիճակը եւ այդ իրավիճակի բերումով յառաջացած գաղթը։  

Յայտնենք, թէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը`  դեկտեմբեր ամսուայ սկիզբը, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի ուղեկցութեամբ, այցելութիւն տուած էր Կաթողիկէ Ասորիներու՝ Պատրիարքին, անոր նստավայրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.