2015-12-28 10:02:00

Լիբանանի Հայոց թեմի 9 կիսասարկաւագներ ստացան սարկաւագական ձեռնադրութիւն


Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ սարկաւագներու զոյգ տօներուն առիթով, ուրբաթ, 25 դեկտեմբեր 2015-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ ու կատարուեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն: Պատարագը մատուցեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան: Արարողութեան նախագահեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Արդարեւ, Լիբանանի հայոց թեմի 5 եկեղեցիներէ 9 հետեւեալ կիսասարկաւագները ձեռնադրուեցան եւ ստացան սարկաւագի կարգ. Կարօ կիս. սրկ. Աղազարեան (Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրապետ), Գէորգ կիս. սրկ. Գատեհճեան (Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դպրապետ), Երուանդ կիս. սրկ. Քէշիշեան (Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրապետ), Աւետիս կիս. սրկ. Շիշմանեան (Ֆանարի մատրան դպրապետ), Հրայր կիս. սրկ. Ինճէեան (Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի), Աւետիս կիս. սրկ. Պետիկեան (Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի), Յովիկ կիս. սրկ. Քէօշկերեան ((Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի), Կարօ կիս. սրկ. Քէլէշեան (Ֆանարի մատուռ), Յովհաննէս կիս. սրկ. Պեքերեճեան (Ս. Սարգիս եկեղեցի):

Յետ ձեռնադրութեան առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը: Ան նախ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան համար նոր ձեռնադրեալ սարկաւագները մղէ ծառայական աշխատանքի, որպէսզի ծառայութեան ընդմէջէն իրենք փառաւորուին, ինչպէս նաեւ իրենց աշխատանքին ընդմէջէն պարտին Աստուծոյ կամքն ու շնորհքը ճանչնալ եւ իրենց կարգին դիմեն Քրիստոսին, որ մեր կեանքին առաջնորդն է:

Անդրադառնալով Ս. Ստեփանոս նախավկայի տօնին` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այս տօնը կը նշուի յարգանք եւ պատիւ ընծայելու համար եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներուն, որոնց շնորհիւ եկեղեցին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ առանց անոնց ծառայութեան եւ առանց մեր հաւատքին կարելի չէ, որ հայ եկեղեցին իր ծառայութիւնը կատարէ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: «Եկեղեցւոյ շրջագիծին մէջ ծառայութիւնը նոր երեւոյթ չէ, այլ առաքելական դարերէն սկսեալ հաստատուած սկզբունք մըն է, որուն նկատմամբ մենք պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք, որպէսզի մեր ծառայութեան ընդմէջէն աշխարհի մէջ Աստուած փառաւորուի», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` պատմական ակնարկ մը նետելով Ս. Ստեփանոս նախավկայի ժամանակաշրջանին եւ պատահած դէպքերուն: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ ծառայութեան ընթացքին մեզմէ ակնկալուածները եկեղեցւոյ մէջ ժամանակաւոր եւ չափաւոր աշխատանքները չեն, այլ` նուիրեալ ծառայութիւնը, որուն ակունքները կ՛երթան մինչեւ ժողովուրդի կեանքը` յայտնաբերելու համար այն բոլոր կարիքները, որոնք գոյութիւն ունին մարդկային հասարակութեան մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը խօսքը ուղղելով նորընծաներուն մաղթեց, որ անոնք իրենց նուիրումով ու աշխատանքով արժանի մնան իրենց ստացած կարգին եւ դառնան աւելի համեստ ու խոնարհ: «Կը մաղթենք, որ ձեզմով հայ եկեղեցին ստանայ յաւելեալ փայլք, ինչպէս նաեւ ձեր օրինակին հետեւելով բազմաթիւ հայորդիներ ընթանան դէպի ծառայական կեանք եւ ձեր նուիրումին օրինակով իրենք ալ նուիրուին Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի կեանքի ծառայութեան սրբազան ասպարէզին», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` Ս. Ստեփանոսի տօնին առիթով շնորհաւորելով հայ եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ գտնուող բոլոր նուիրեալները եւ կոչ ուղղելով ժողովուրդին, որ քաջալերէ ուրիշները, որ եկեղեցի յաճախեն եւ իրենց ունեցած շնորհները ընծայեն, որպէսզի անոնցմով մեր ժողովուրդի կեանքը բարեկարգուի եւ իրենք եւս Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանան իրենց կեանքին մէջ:

Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայած ննջեցեալ սարկաւագներու հոգիներուն համար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.