2015-12-28 11:01:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Յիսնակաց 7-րդ Շաբաթ (27 Դեկտեմբեր 2015- 3 Յունուար 2016)


Յիսնակաց 7-րդ  շաբաթուայ Աւետարանին մէջ, ՜՜ Մանասներու առակին մասին՝՝ Յիսուս շեշտը կը դնէ  Աստուծոյ մարդուն պարագեւած  շնորհքներուն վրայ.  մարդը իր կարգին ունի պարտականութիւնը զանոնք  հաւատարմօրէն աճեցնելու։՜՜Ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն՝ ունեցածն ալ պիտի առնուի՝՝։

Երկուշաբթի 28 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։ Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։

Պետրոս եւ Պօղոս նկատուած են որպէս գլխաւորները Քրիստոսի առաքեալներուն։ Անոնք եկան Հռոմ եւ երկուքն ալ նահատակուեցան սոյն քաղաքին մէջ։ Պետրոսի գերեզմանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորանին ներքեւ, իսկ Ս. Պօղոս, որ գլախատուած էր Հռոմէն դուրս, թաղուած է Սուրբ Պողօսի Պազիլիքայի խորանին ներքեւ։

Երեքշաբթի 29  Դեկտեմբերին` տօնն է երկու առաքեալ եղբայրներուն` Յովհաննէս եւ Յակոբ, որոնք կոչուած են Եկեղեցւոյ կողմէ Որդիներ որոտման։ Արդարեւ իրենք էին որ խնդրեցին Յիսուսէն կայծակներ տեղացնել Սամարացիներու մէկ քաղաքին վրայ, որովհետեւ զիրենք չէին ընդունած։  Ըստ աւանդութեան, Յակոբ, զոր պէտք չէ շփոթել Յակոբոսի հետ, որ կը կոչուի նաեւ Տեառնեղբայր եւ որ Պետրոս առաքեալի կողմէ պետ կարգուեցաւ Երուսաղէմի առաջին քրիստոնեաներուն, հանդիսացաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներէն մին։ Իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ Յայտնութեան գիրքը որ վերջին հատորն է Սուրբ Գրքին։

Հինգշաբթի 31 Դեկտեմբերը 2015 տարւոյն վերջին օրն է։

Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ  այս տարւոյն մեզի շնորհած պարգեւներուն՝ բարի օրերուն ու նաեւ՝ դժուար պահերուն համար. մաղթելով որ Նոր տարին 2016-ը ըլլայ բոլորիս համար Բարի  եւ խաղաղ տարի մը։

Ուրբաթ 1 Յունուար 2016-ը՝  Կաղանդ է, որ կը նշանակէ տարուան առաջին օրը։ Քրիստոնեաները կը տօնեն այդ օր Յիսուսի տնօրէնութեան, կամ անուանկոչութեան տօնը։ Ըստ օրինի, իր ծնունդէն 8 օր վերջ` ան թլփատուեցաւ եւ Յիսուս անունով կոչուեցաւ, ինչպէս որ որոշած էր Գաբրիէլ հրեշտակը նախապէս։

Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Մեր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս Պատարագի կը կատարենք ՜՜Վասն Հայրապետի  կարգ մաղթանացը՝՝։

Շաբաթ 2 Յունուար 2016-ին  կը տօնենք  Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Բարսեղ եւ Գրիգոր Նիւսացին ։

Նոյն օրը կը տօնենք Սուրբ Եփրեմ Ասորի Վարդապետը, զոր մեր Հայրերը կ՛անուանեն Խուրի։ Գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է ասորական ծէսին եւ եկեղեցական երգերուն ու մեղեդիներուն. Կատարած է նաեւ բազմաթիւ մեկնութիւններ Սուրբ Գրքէն, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայերէնի թարգմանուած են. Ծնած է Ամիդ եւ մկրտուած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացիէն, որ հետագային զինք նաեւ քահանայ ձեռնադրած է։ Վախճանած է Եդեսիոյ մէջ, 378-ին։ Հայերու մօտ շատ ժողովրդական սուրբ մը եղած է մասնաւորապէս իր աղօթագրքովը։ Կը յիշատակենք նաեւ Ս. Սեղբեստրոս Հռովմայ հայրապետի տօնը։

Կիրակի 3 Յունուարը՝  Յիսնակաց Ը. կիրակին է։ 2016 տարւոյն Առաջին Կիրակին է։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.