2015-12-27 10:44:00

Տօն Ծննդեան Տ.Մ. Յիսուսի Քրիստոսի Զմմառու վանքին մէջ


Ուրբաթ 25 Դեկտեմբեր 2015-ին, Տ.Մ.Յիսուսի Քրիստոսի Ծննդեան Տօնին առթիւ՝ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Մայր Տաճարին մէջ Ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան: Ան իր քարոզին մէջ մատնանշեց թէ «Ահա 2015 տարիներ ետք մենք կը շարունակենք հանդիսաւոր արարողութիւններով ու մեծաշուք տօնակատարութիւններով նշել Յիսուսի ծնունդը:
2016 տարին՝ Սուրբ Եկեղեցին, Ֆրանչիսկոս Պապի տնօրինութեամբ, մեզ հրաւիրեց ապրելու փրկութեան և շնորհքի տարի՝ «Աստուածային ողորմութեան սուրբ տարին: Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Ծնունդն է, այս առթիւ բոլորին կը մաղթեմ` սեփական կեանքէն ներս հիւրընկալելու Աստուածային ողորմութիւնը, զոր պարգեւեց Յիսուս Քրիստոս, որպէսզի մենք ալ ըլլանք ողորմած մեր եղբայրակիցներուն հետ։ Այս առթիւ՝ մեր մաղթանքն է, որ ամէնքս պատրաստենք մեր սիրտն ու հոգին՝ դիմաւորելու Յիսուս Մանուկը»: 
Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Վարչական Հայրեր, ժառանգաւորներ, և հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը: Անոնք երկնքի հրեշտակներուն հետ միաձայն օրհնաբանեցին Յիսուսի Ծնունդը: 
Ս. Պատարագի աւարտին՝ ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Մայրավանքի դահլիճհը, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ և փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան, իրարու ըսելով. «Քրիստոս Ծնաւ և Յայտնեցաւ, Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս»:








All the contents on this site are copyrighted ©.