2015-12-27 11:08:00

Պենետիկտոս ԺԶ-ի ʺԱստուած սէր է'' շրջաբերական թուղթին 10-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) 25 Դեկտեմբեր 2005-ին լոյս կը տեսնէր Պենետիկտոս ԺԶ Պապին ʺԱստուած սէր է'' շրջաբերական թուղթը։ Անիկա եղաւ հրաւէր մը յոյսի, ժամանակակից աշխարհի մը` մխրճուած տագնապի, ընդհարումի ու լարուածութեան մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Պապը իր այս շրջաբերական թուղթով ուզեց ժամանակակից մարդոց յիշեցնել թէ Աստուած կեանք կու տայ աշխարհին, սակայն այս Աստուածը դէմք մը ունի, մարդկային սիրտ մը ունի Յիսուսի մէջ։

Վերոնշեալ տարեդարձին առթիւ ''Մէկ Սիրտ քահանայապետական խորհուրդը կը ծրագրէ միջազգային ժողով մը կազմակերպել յառաջիկայ Փետրուարին'' յայտարարած է գերապայծառ Թոզօ` քարտուղարը Մէկ Սիրտ խորհուրդին։ Այս շրջաբերական թուղթով Պենետիկտոս ԺԶ Պապը ուզեց ներկայացնել քրիստոնեաներու Աստուածը ու ընդգծել Անոր Անունը որ է Սէր։ Սէր է արդարեւ Քրիստոնեաներու Աստուծոյ անունը։ Ան ուզեց ծնիլ մեզի համար,  դարցաւ մարդ մարմին առնելով, մեր փրկութեան համար։

Եկեղեցին երբ եղբայրօգնութիւն կը կատարէ` սէրէն մղուած կը կատարէ զայն, որովհետեւ այդ ներգործութեամբ կ՛ուզէ ցոյց տալ Աստուծոյ ճշմարիտ դիմագիծը, Եկեղեցւոյ եղբայր օգնութիւնը լոկ առաքելութիւն մըն է եւ անով կ՛ուզէ հռչակել Աստուծոյ խօսքը ու ճանչցնել զայն մարդուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.