2015-12-26 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Ստեփանոսի տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 26 դեկտեմբեր 2015-ին եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ։

Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին արտասանած խորհրդածութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ,

Սիրելի եղբայրներ եւ քորեր Բարիլոյս,

այսօր կը տօնախմբենք Սուրբ Ստեփանոսի տօնը։ Առաջին մարտիրոսի յիշատակը անմիջապէս կը յաջորդէ Սուրբ Ծննդեան տօնին։ Երէկ խորհրդածեցինք Աստուծոյ սիրոյ ողորմութեան մասին որ մարդացաւ մեզի համար. Այսօր կը տեսնենք հետեւողական համապատասխանը` Յիսուսի աշակերտին, որ ի կեանքը կու տայ։ Երէկ ծնաւ Փրկիչը այսօր երկինքի մէջ կը ծնի անոր հաւատարիմ վկան։ Երէկ այսօրուայ նման, ի յայտ կու գայ խաւարը որ կեանքը կը մերժէ սակայն աւելիով կը ճառագայթէ սիրոյ լոյսը` որ կը յաղթէ ատելութիւնը եւ ընթացք կու տայ նոր աշխարհի։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Գործք Առաքելոցի գիրգին Սուր Ստեփանոսի մասին գրութեան յատկապէս շեշտը դնելով անոր վերջին աղաղակին որուն մէջ Ան Տիրոջմէ կը խնդրէ որ ներէ իր հալածողները։

Ներումը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, նուիրումը ամենաբարձր արտայայտութիւնն է ու հարց տուաւ թէ Ինչ բանի կը ծառայէ ներել ու հաստատեց թէ երբ ներուած ենք մենք կը ծնինք նոր կեանքի` այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Սաւուղին որ ապա դարձաւ Պօղոս եւ որ կը հալածէր քրիստոնեաները ու դարձի գալէն ետք ընդունեց Տիրոջ շնորհքը։ 

Մենք ալ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ծնունդ առած ենք Աստուծոյ ներումէն, Անոր աստուածային ողորմութենէն։ Մենք երբեք պէտք չէ յոգնինք աստուածային ներումը հայցելէ որովհետեւ միայն երբ ներում ընդունինք` կարող կը դառնանք ներելու։

Թէեւ ներելը շատ դժուար է, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց դիմել աղօթքին, այնպէս ինչպէս ըրաւ Սուրբ Ստեփանոսը. Նախ ներում խնդրենք առօրեայ մեր սխալներուն համար, ապա մեր դէմ յանցանք գործողները յանձնելով Աստուածային ողորմութեան։ Ետքը պիտի կարենանք հասկնալ թէ ուրիշը ներելը կը բիւրեղացնէ չարէն, հուսկ աղօթքն ու սէրը մեզ կ՛ազատագրէն ոխի ներքին կապանքներէն։

Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները` ամէն օր առիթ գտնել ներելու. ներգործութիւն մը որ մարդը կը մօտեցնէ Աստուծոյ։ ''Ու մեր Երկնաւոր Հօր նման մենք եւս կը դառնանք ողորմած որովհետեւ ներումի միջոցաւ մենք կը յաղթահարենք չարը բարիով, կը փոխակերպենք ատելութիւնը սիրոյ եւ աշխարհը աւելի մաքուր կը դարձնենք'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանիին յանձնեց բոլոր անոնք որոնք Սուրբ Ստեփանոսի նման իրենց հաւատքին համար կը հալածուին ու  հայցեց որ Մարիամի բարեխօսութեամբ սորվինք ընկալել ու շնորհել ներումը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց մարեմեան աղօթքը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւացեալները նորոգելով  սուրբ Ծննդեան տօնին իր բարեմաղթութիւնները ու յայտնելով թէ այս վերջին օրերուն շատեր իրեն ուղարկեցին բարեմաղթական պատգամներ ու թէ իերն համար անկարելի է ամէնուն պատասխանել առ այդ առիթէն կ՛օգտուի բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելու` յատկապէս անոնք աղօթքներուն համար։

Բարի Սուրբ Ստեփանոսի Տօն ու եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.