2015-12-25 08:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի ս. պատարագի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս գիշեր մեծ լոյս մը կը շողայ։ Մեր բոլորին վրայ կը շողայ Յիսուսի ծննդեան լոյսը։ Ո՜րքան ճշմարիտ ու այժմէական են Եսայեայ մարգարէին խօսքերը՝ «Բազմապատկեցիր ուրախութիւնը, աւելցուցիր հրճուանքը» (հմմտ Թ.) Մեր սիրտը արդէն այս պահու ակնկալութեամբ լեցուած էր. այժմ, սակայն այդ զգացումը կը բազմապատկուի եւ կը յորդի առատութեամբ՝ որովհետեւ խոստումը կատարուած է, իրականացած է։ Ուրախութիւն եւ հրճուանք մեզ կ᾿ապահովեցնեն՝ որ խոստումը, որ կատարուած է այս գիշեր՝ Աստուծմէ կու գայ։ Կասկածի առիթ չկայ։ Թերահաւատները, որոնք միայն տրամաբանութեամբ կ᾿ընթանան, երբեք ճշմարտութեան պիտի չհասնին։ Չկայ առիթ անտարբերութեան, որ կ᾿իշխէ այն անհատի սրտին վրայ, որ բարիք չի կրնար կամենալ՝ որովհետեւ վախ ունի բան մը կորսնցնելէ։ Պիտի հեռացուի ամէն տխրութիւն, որովհետեւ Յիսուս մանուկը սրտերու ճշմարիտ մխիթարիչն է։

Այսօր Աստուծոյ Որդին ծնաւ. Ամէն ինչ կը փոխակերպուի։ Աշխարհի փրկիչը կու գայ մասնակցիլ մեր մարդկային բնութեան. այլեւս առանձին եւ լքուած չենք։ Կոյսը մեզի կը շնորհէ իր որդին՝ իբր սկիզբ նոր կեանքի։ Ճշմարիտ լոյսը կու գայ լուսաւորելու մեր գոյութիւնը, որ ստէպ պարուրուած է մեղքի շուքին մէջ։ Այսօր կը վերագտնենք մեր էութիւնը։ Այս գիշեր մեզի կը յայտնուի այն ճանապարհը, որուն վրայ պէտք է ընթանանք՝ հասնելու համար նպատակին։ Այլեւս պէտք է դադրի ամէն վախ եւ սարսափ, որովհետեւ լոյսը մեզի ցոյց կու տայ Բեթղեհէմի ճամբան։ Չենք կարող անտարբեր մնալ։ Մեզի չի վայելեր դադար առնել։ Պէտք է երթանք տեսնելու մեր փրկիչը՝ դրուած մսուրի մը մէջ։ Ահա ուրախութեան եւ հրճուանքի պատճառը. այս մանուկը ծնած է «մեզի համար», «տրուած է մեզի», ինչպէս կ᾿աւետարանէ Եսայի (հմմտ. Թ. 6)։ «Խաղաղութեան Իշխանը» ծանօթացնելու առաքելութիւնը կը վստահուի Ժողովուրդի մը, որ երկու հազար տարիներ շարունակ աշխարհի բոլոր ճանապարհները կը կտրէ որպէս զի իւրաքանչիւր մարդ մասնակից դարձնէ այս ուրախութեան, եւ որպէս զի ըլլայ անոր արդիւնաւէտ գործիքը ժողովուրդներու մէջ։

Հետեւաբար, երբ կը լսենք Յիսուսի ծննդեան մասին, լռութեան մէջ յամենանք եւ թոյլ տանք որ այդ Մանուկը խօսի. մեր սրտին մէջ տպաւորենք անոր խօսքերը, առանց հայեացքը հեռացնելու անոր դէմքէն։ Զայն առնենք մեր թեւերուն մէջ եւ թոյլ տանք որ ան մեզ իր բազուկներուն մէջ առնէ, մեզի տայ սրտի խաղաղութիւնը, որ երբեք վերջ պիտի չունենայ։
Այս մանուկը մեզի պիտի սորվեցնէ, թէ ինչն է ճշմարտապէս էականը մեր կեանքին մէջ։ Կը ծնի աշխարհի աղքատութեան մէջ, որովհետեւ Անոր եւ ընտանիքին համար տեղ չկայ օթեւանի մէջ։ Ապաստան եւ օգնութիւն կը գտնէ ախոռի մը մէջ, եւ կը դրուի մսուրի մը մէջ։ Սակայն այդտեղէն կը ծագի Աստուծոյ փառքին լոյսը։ Այստեղէն կը սկսի ճշմարիտ ազատագրումի եւ մնայուն փրկութեան կեանքը։ Այս մանուկէն, որ իր դիմագիծին վրայ կը կրէ Հօր Աստուծոյ բարութեան, ողորմածութեան եւ սիրոյ հետքերը, բոլոր աշակերտներուս համար կը բխի Պօղոս Առաքեալի յորդորը՝ «մերժենք ամբարշտութիւնը եւ աշխարհիկ ցանկութիւնները, այս աշխարհի մէջ ապրինք զգաստութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ (Տիտ Բ. )
Ընկերութեան մը մէջ, որ ստէպ հարբած է սպառումի եւ հաճոյամոլութեան մէջ, առատութեան եւ շքեղութեան մէջ, երեւելու եւ անձնահաճութեան մէջ, Ան մեզ կը կոչէ համեստ վարք մը ապրելու, այսինքն պարզ, հաւասարակշռուած, յարատեւ, ատակ՝ ընկալելու եւ ապրելու էականը։ Աշխարհի մը մէջ, որ խիստ է մեղաւորին հանդէպ, եւ մեղմ մեղքի հանդէպ՝ պէտք է մշակել արդարութեան ուժեղ զգացում մը. փնտռել եւ գործնականի վերածել Աստուծոյ կամքը։ Անտարբերութեան մշակոյթի մը մէջ, որ ստէպ անխղճօրէն կը վերջանայ՝ մեր վարքագիծը պէտք է ըլլայ ողորմածութեան, կարեկցութեան, գթասրտութեան բարձրութեան վրայ՝ ամէն օր սնած աղօթքի աղբիւրէն։
Ինչպէս Բեթղեհէմի հովիւներուն, նոյնպէս մեր աչքերը լեցուին հիացմունքով եւ հրաշքով, խորհրդածելով Յիսուս Մանուկի՝ Աստուծոյ Որդւոյն մասին։ Եւ Անոր առաջ, մեր սրտերէն բխի այդ կանչը՝ «Ցոյց տուր մեզի Տէր, քու ողորմութիւնդ եւ շնորհէ մեզի քու փրկութիւնդ» (Սաղմ ՁԵ. 8)








All the contents on this site are copyrighted ©.