2015-12-25 12:21:00

ֆրանչիսկոս Պապին ''Ուրպի Էթ Օրպի'' Սուրբ Ծննդեան պատգամը։


Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, շնորհաւոր ս. Ծնունդ

Քրիստոս ծնաւ մեզի համար, ցնծանք մեր փրկութեան օրը։

Մեր սիրտը բանանք, ընկալելու  համար այսօրուան շնորհքը` նոյնինք Յիսուս` որ է  լուսաւոր օրը, յայտնուած մարդկութեան հորիզոնէն։ Ողորմութեան օր, որով Հայրն Աստուած մարդկութեան յայտնեց իր անսահման գթութիւնը։ Լոյսի օր`  որ կը փարատէ  վախի եւ անձկութեան խաւարը։ Օր` խաղաղութեան, որուն մէջ կարելի է հանդիպիլ, զրուցել ու հաշտուիլ։ Օրը ցնծութեան. ''մեծ ցնծութիւն'' մը փոքրերու ու խոնարհներու ու համայն ժողովուրդին համար։

Այդ օրը  ս. Կոյս Մարիամէն ծնաւ Յիսուս` Փրկիչը։ Մսուրը ցոյց կու տայ Հօր Աստուծոյ մեզի տուած ''նշանը''` Մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրին մէջ։

Բեթղեհէմի հովիւներու նման, մենք եւս երթանք տեսնելու այդ նշանը։ Դէպքը որ ամէն տարի կը նորոգուի Եկեղեցւոյ մէջ։

Ծնունդը դէպք մըն է որ կը վերանորոգուի ամէն ընտանիքի մէջ, ամէն ժողովրդապետութեան եւ ամէն հասարակութեան մէջ որ կ`ընկալէ Աստուծոյ սէրը` մարդացած Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Մարիամի նման Եկեղեցին բոլորին ցոյց կու տայ Աստուծոյ ''նշանը''` Մանուկը որ Ան կրեց իր արգանդին մէջ ու ծնունդ տուաւ Անոր,  որ է Բարձրեալին Որդին, որովհետեւ ''կու գայ Ս. Հոգիէն'' (Մատթ 1,20)։

Ասոր համար ան Փրկիչն է, որովհետեւ Ան Գառն Աստուածն է որ իր վրան կ՛առնէ աշխարհի մեղքը։ Հովիւներու հետ միասին ծնկադրենք Մանուկին առջեւ ու փառաբանենք մարդեղացած Աստուծոյ Բարութիւնը, ու թոյլ տանք որ զղջումի արցունքները հոսին մեր աչքերէն  ու լուան մեր սիրտը։

Միայն Ինք` միայն Ինք կարող է մեզ փրկել։ Միմիայն Աստուծոյ Ողորմութիւնը կարող է ազատագրել մարդկութիւնը չարի ամէն տեսակ ձեւերէն` շատ անգամ տմարդկային, յառաջացած եսասիրութենէն։

Աստուծոյ շնորհքը կարող է դարձի բերել սիրտերը ու բանալ մարդկայնօրէն անլուծանելի հարցերու ելքի դռները։

Հոն ուր Աստուած կը ծնի, կը ծնի յոյսը։ Հոն ուր Աստուած կը ծնի, կը ծնի խաղաղութիւնը։  Եւ հոն ուր խաղաղութիւնը կը ծնի տեղ չկայ ատելութեան ու պատերազմի։ Թէեւ ճիշտ այնտեղ ուր աշխարհ եկաւ մարդացեալ Աստուծոյ Որդին, կը շարունակուին ընդհարումներն ու բռնութիւնները եւ խաղաղութիւնը կը մնայ հայցելիք եւ կառուցանելիք պարգեւ մը։

Թող որ հրեաներն ու պաղեստինցիները վերսկսին բանակցութիւնները ու  հասնին համաձայնութեան մը, որպէսզի երկու ժողովուրդները կարողանան ապրիլ ներդաշնակութեամբ, գերազանցելով հակամարտութիւնները որոնք երկար ժամանակ իրարու դէմ լարեցին զանոնք, ծանր հետեւանքներ ունենալով բոլոր շրջանի վրայ։

Տիրոջմէն հայցենք որպէսզի քաղաքական ու դիւանագիտական շուտափոյթ լուծում գտնուի սիրեցեալ Սուրիոյ համար, լուծում մը` որ կարող ըլլայ լռեցնել զէնքերու շկահիւնները ու լուծում գտնել բնակչութեան տագնապալից մարդկայնական իրավիճակն։ Հրատապ է  նաեւ որ համայն Միջազգային հասարակութեան ուշադրութիւնը համախոհ կեդրոնանայ դադրեցնելու`  ըլլայ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Իրաքի, Լիպիոյ, Եամանի ու ենթասահարեան Ափրիկէի մէջ տիրող բռնութիւնները, որոնք մահ ու աւեր կը սփռեն ու չեն խնայեր ամբողջ ազգի մը  պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը։ Մտածումս կը յղեմ նաեւ նողկալի ահաբեկչութեան գործողութիւններու թիրախ դարձած զոհերուն, յատկապէս Եգիպտոսի երկինքի մէջ, Պէյրութի, Փարիզի, Պամաքոյի եւ Թիւնիզի մէջ տեղի ունեցող կոտորածներուն։

Իրենց հաւատքին  համար­ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ հալածուած մեր եղբայրներուն, Մանուկ Յիսուսը պարգեւէ մխիթարութիւն եւ ուժ։

Խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն կը խնդրենք Քոնկոյի, Պուրունտիի ու Հարաւային Սուտանի ժողովուրդներուն համար, որպէսզի երկխօսութեան ճամբով, ամրապնդուի միասնական յանձնառումը  կերտելու քաղաքացիական ընկերութիւններ տոգորուած հաշտութեան եւ իրար հասկացողութեան անկեղծ հոգիով։

Ս. Ծնունդը ճշմարիտ խաղաղութիւն բերէ նաեւ Ուկրանիոյ, մխիթարութիւն շնորհէ անոնց որոնք կը կռեն հակամարտութեան հետեւանքները ու արծարծէ կամք` իրականացնելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որպէսզի համայն երկրին մէջ վերահաստատուի համախոհութիւնը։

Այս օրուան ուրախութիւնը լուսաբանէ Քոլոմպիայի ժողովուրդին ջանքերը, որպէսզի յոյսով ներշնչուած, շարունակէ յանձնառութեամբ ձգտիլ պահանջուած խաղաղութեան։

Հոն ուր կը ծնի Աստուած, կը ծնի յոյսը, եւ հոն ուր կը ծնի յոյսը անհատները կը վերագտնեն արժանաւորութիւնը։ Եւ սակայն` այսօր եւս, անհամար այրեր ու կիներ իրենց արժանաւորութենէն զրկուած են եւ, Մանուկ Յիսուսի նման,  կը տառապին պաղէն, աղքատութենէն ու մարդոց մերժումէն։ Այսօր  թող  մեր մօտիկութիւնը հասնի անպաշտպաններուն, մանաւանդ պատանի զինուորներուն, բռնութեան թիրախ կիներուն ինչպէս նաեւ մարմնավաճառութեան ու թմրավաճառքի զոհերուն։

Մեր զօրակցութիւնը չպակսի  անոնց որոնք կը փախչին թշուառութենէն ու պատերազմէն, յանձն առնելով տմարդի ճամբորդութիւններ ու յաճախ իրենց կեանքը վտանգի մատնելով։ Թող առատ օրհնութիւններով վարձատրուին անոնք` ըլլան անհատներ կամ պետութիւններ, որոնք վեհանձնութեամբ ձեռք կու տան եւ կը հիւրընկալեն բազմաթիւ գաղթականներն ու փախստականները, օգնելով անոնց կերտել աւելի արժանավայել ապագայ մը իրենց ու իրենց սիրելիներուն համար եւ եւ ներառուիլ զանոնք ընկալող հասարակութիւններուն մէջ։

Այս տօնական օրուան առթիւ,  Տէրը յոյս պարգեւէ գործազուրկներուն եւ նեցուկ կանգնի` քաղաքական եւ տնտեսական ծիրէն ներս  պետական պատասխանատուութիւն ունեցողներու  յանձնառումին, որպէսզի աշխատին ձգտիլ հասարակաց բարիքին եւ պաշտպանել ամէն մէկ  մարդկային կեանքի արժանաւորութիւնը։

Հոն ուր կը ծնի Աստուած կը ծաղկի ողորմութիւնը։ Ողորմութիւնը Աստուծոյ շնորհած ամենաթանկագին պարգեւն  է, մասնաւորապէս այս Յոբելենական տարւոյն առթիւ, որուն ընթացքին ամէնքս կանչուած ենք ճանչնալու մեր Երկնաւոր Հօր` Աստուծոյ գթութիւնն ու կարեկցութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս նկատմամբ։ Տէրը յատկապէս բանտարկեալներուն պարգեւէ շնորհքը փորձարկելու անոր գթառատ ողորմութիւնը որ կ՛ամոքէ վէրքերը եւ կը յաղթէ չարին։

Այսպէսով ամէնքս միասին այսօր ցնծանք` մեր փրկութեան օրուան առթիւ։ Նայելով մսուրին, մեր ակնարկը սեւեռենք բազկատարած Յիսուսին որ մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ ողորմած ողջագուրումը, մինչ կ՛անսանք ճիչը Մանուկին որ մեզի կը փսփսայ. ''իմ եղբայրներուս ու մերձաւորներու համար ես կ՛ըսեմ. ''Խաղաղութիւն քեզի'' (Սաղմ 121/122 8)։








All the contents on this site are copyrighted ©.