2015-12-25 09:40:00

Բեթղեհեմի մէջ Սուրբ Ծննդեան Պատարագ եւ դռնբացէքի արարողութիւնը։


24 դեկտեմբերի կէսգիշերին` Երուսաղէմի Լատին պատրիարք` Ֆուատ Թուալը պաղեստինեան  Բեթղեհեմի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ դիմած է միջազգային հանրութեան` յորդորելով գթասիրութիւն եւ դռները բանալ Մերձաւոր Արեւելքէն միլիոնաւոր փախստականներու առջեւ։

Կէսգիշերային պատարագէն առաջ Թուալ Պատրիարք բացումը կատարեց նաեւ Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Դրան։ Ան` իր քարոզին մէջ յիշեց անցնող տարուան իրադարձութիւնները, որոնք տարածաշրջանին մէջ մթագնուեցան պատերազմներով ու զանգուածային գաղթերով, ինչպէս նաեւ Սուրբ հողին վրայ պաղեստինա­-իսրայէլական հակամարտութեան բռնկումով, երեք ամսուան ընթացքին երկուստէք խլուած 150 մարդու կեանքը:

«Մեր սրտերը միլիոնաւոր փախստականներու հետ են, որոնք պատսպարան գտած են ճամբարներու ու յետնախորշերու մէջ, անոնց հետ, որոնք  կը փախչին հակամարտութիւններու գօտիներէն։ Մենք կը մտածենք ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերու զոհերուն մասին: Կարեւոր չէ` որոնք են անոնք եւ ինչ ցեղէ, բոլոր այդ մարդիկ մեր եղբայրներն ու քոյրերն են… Թող անոնց ցաւի ճիչերը դառնան մերը, եւ մենք կոտրենք անտարբերութեան պատնէշները­»,-­ ըսաւ պատրիարքը:

Իր քարոզին մէջ Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա «այն երկիրներուն, որոնք իրենց դռները բացին եւ ընդունեցին փախստականները: Մենք կը յորդորենք անոնց, որոնք կը տատանին, յաղթահարել փախստականներու հանդէպ ունեցած վախերը եւ ապաստան տալ անոնց այնքան ժամանակ, քանի դեռ իրադրութիւնը բնական չէ», ըսաւ Թաուլ Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.