2015-12-24 11:27:00

Ռատիովատիկանը ուղիղ եթերով կը սփռէ Ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս տարի եւս Վատիկանի  Ռատիոկայանը ուղիղ եթերով կը սփռէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները. 24 դեկտեմբերի՝ երեկոյեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցանելիք Ճրագալոյցի հանդիսաւոր Սուրբ ս. Պատարագը եւ ուրբաթ 25 դեկտեմբերին` Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն արտասանելիք ''Հռոմ Քաղաքի ու համայն աշխարհի'' Սուրբ ծննդեան պատգամն ու առաքելական օրհնութիւնը։ 

Վերոնշեալ արարողութիւնները պիտի սփռուին Ռատիովատիկանի  ''YOUTUBE-ի'' ցանցէն (www.youtube.com/user/radiovaticanavideo) եւ Ռատիովատիկանի ''VATICAN PLAYER''  համացանցային ծրագիրի միջոցաւ որ հասանելի է  www.radiovaticana.va ցանցային հասցէով։

Յայտնենք նաեւ թէ ուղիղ եթերով պիտի սփռուի նաեւ 1 Յունուար 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ գլխաւորելիք Սուրբ Պատարագի եւ դռնբացէքի արարողութիւնները Աստուածամօր Ամենասուրբ կոյս Մարիամի տօնին եւ Խաղաղութեան 49-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.