2015-12-24 09:17:00

Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը։


«Անոր Ողորմութիւնը Սերունդէ Սերունդ Կը Տարածուի Իր Երկիւղածներուն Վրայ» (Ղուկաս 1, 50)

Գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ,
Առաքինազարդ քոյրեր,
Սիրելիներս ի Քրիստոս՝ հայրեր, եղբայրներ եւ քոյրեր,
Յոբելենական ողորմութեան տարուան սեմին՝ երկու հազար տարիներ առաջ Սուրբ Կոյս Մարիամի Մեծացուսցէ անձն իմ զտէր փառաբանական աղօթքին մխիթարական այս խօսքերը, 2015ի՝ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի այս Սուրբ Ծննդեան Տօնին կը ստանան հոգեւոր հզօր եւ իւրայատուկ արժէք մը՝ ամբողջ եկեղեցւոյ համար:
Յիրաւի՝ Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը Ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ բացումը կատարեց Սուրբ Դրան, որուն յաջորդող Կիրակի օրը, 13 Դեկտեմբերին, նոյն հոգեպարար արարողութիւնը կրկնուեցաւ համայն աշխարհի Կաթողիկէ թեմերու Աթոռանիստ եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի առիթը ընծայուի իւրաքանչիւր հաւատացեալ անհատի՝ ըմբոշխնելու Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը:
Այս ողորմութիւնը կը կերպարանաւորուի Մանուկ Յիսուսի մարդկային դէմքին մէջ, ինչպէս կը բացատրէ նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը իր Յոբելենական Սուրբ Տարուան հռչակման կոնդակին մէջ. «Յիսուս Քրիստոս Հօր Աստուծոյ ողորմութեան դիմանկարն է: Այս բառերը կ՛ամփոփեն քրիստոնէական հաւատքի ամբողջ խորհուրդը: Ողորմութիւնը կեանք առաւ եւ շօշափելի դարձաւ Նազովրեցի Յիսուսով՝ հասնելով իր գագաթնակէտին Անոր անձին մէջ (Misericordiae Vultus, 1): Հետեւաբար՝ առաջին անգամ, մարդկութիւնը կրցաւ տեսնել ու շօշափել Աստուծոյ ողորմութեան կերպարը, երբ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը՝ Յիսուսի մայրը, զինք ներկայացուց Բեթղեհէմի քարայրին մէջ:
Մարիամ Աստուածածինը փառաբանած ու գովերգած էր Աստուծոյ ողորմութիւնը իր ազգականին՝ Եղիսաբէթի այցելութեան ատեն. «Անոր ողորմութիւնը սերունդէ սերունդ կը տարածուի իր երկիւղածներուն վրայ» (Ղուկաս 1, 5): Սուրբ Կոյսը, Գաբրիէլ հրեշտակապետին աւետումէն գիտէր, թէ աշխարհին պիտի ընծայէր Ան, որ պիտի իրականացնէր Աստուծմէ կատարուած խոստումը Աբրահամին… «Պիտի յղանաս եւ պիտի ծնանիս որդի մը եւ պիտի կոչես զինք Յիսուս: Ան մեծ պիտի ըլլայ եւ պիտի կոչուի Որդի Բարձրեալի…» (Ղուկաս 1, 31-32): Յովհաննէս Մկրտիչի հայրը՝ Զաքարիան, կ՛արձագանգէ Աստուածածնայ Մեծացուսցէին իր մարգարէութեամբ՝ ըսելով. «Մեր Աստուծոյ գթառատ բարութեամբ ի վերուստ մեզի պիտի այցելէ ծագող արեգակը, լուսաւորելու համար անոնք, որոնք նստած են մահուան ստուերին եւ խաւարին մէջ, ուղղելու համար մեր քայլերը խաղաղութեան ճանապարհին վրայ» (Ղուկաս 1, 78-79):
Բեթղեհէմի մսուրին մէջ զետեղուած Մանուկ Յիսուսն է ծագող արեգակը, որ ի վերուստ մեզ կ՛այցելէ եւ համայն մարդկութեան մէջ կը սփռէ Հօր Աստուծոյ ողորմութեան ջերմութիւնը: Ինչպէս երկու հազար տարիներ առաջ, այսօր եւս Անոր կարեկցող եւ գթառատ ողորմութենէն կը կազդուրուին տկարներն ու հարստահարուածները: Յատուկ կերպով՝ Անոր անսահման եւ առատաբուխ ողորմութեան ապաւինելով է որ կը զղջան ու դարձի կու գան մեղաւորները, որոնք սառն խստասրտութեամբ խեղդած էին իրենց խիղճերը եւ փակած իրենց սրտերուն դռները խեղճին ու կարիքաւորին դիմաց:
Յիսուսի ողորմածութիւնն է, որ հրաշագործեց սրտին դարձը մեծահարուստ մաքսապետ Զակքէոսի, որ իր հարստութեան կէսը աղքատներուն տուաւ եւ քառապատիկ հատուցանեց բոլոր անոնց, զորս ինք անիրաւած էր (Ղուկաս 19, 1-10):
Յիսուս, իր բարեգթութեամբ բուժեց ուղեկորոյս սամարացի կնոջ սիրտը, որ զղջալով իր անցեալի կեանքին վրայ՝ դարձի եկաւ եւ եղաւ առաքեալ Աւետարանի (Յովհաննէս 4, 1-42): Ան՝ իր անսահման ողորմութեամբ, յաւիտենական կեանքի անսասան յոյսով ներեց ու ամրապնդեց աջակողմեան աւազակին, որ կեանքի վերջին պահուն վստահութեամբ ապաւինեցաւ Յիսուսի եւ խնդրեց, որ յիշուի արքայութեան մէջ (Ղուկաս 23, 39-43):
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
Մաղթանքս է, որ Աստուածային ողորմութեան այս յոբելենական սուրբ տարուան Ծննդեան Տօնին՝ լայն բանանք մեր սրտերուն դռները Մանուկ Յիսուսին դիմաց, որպէսզի Անոր սէրը, ողորմութիւնը եւ խաղաղաղութիւնը ներթափանցեն մեր մէջ ու Անոր հոգին մաքրէ ու սրբէ մեր խիղճերը մեղքի ամէն արատէ ու բիծէ եւ դարձնէ մեզ «ողորմած Երկնաւոր Հօր նման»:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ՝
Առաջնորդ Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

15 Դեկտեմբեր 2015








All the contents on this site are copyrighted ©.