2015-12-23 09:49:00

Յունաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ Պաղեստինեան պետութիւնը


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանը երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին,  որդեգրած է բանաձեւ մը, որ յունական կառավարութեան կը յորդորէ ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը:

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքոս Վուցիս յատուկ լիագումար նիստի մը ընթացքին կարդացած է բանաձեւի բնագիրը եւ երեսփոխաններէն խնդրած, որ ոտքի կանգնին անոնք, որոնք կը պաշտպանեն զայն: Ամբողջ դահլիճը ոտքի կանգնած է ու ծափահարած:

Բանաձեւը Յունաստանի կառավարութեան կը յանձնարարէ ճանչնալ պաղեստինեան պետութիւնը 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով:

Երէկ Յունաստանի խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանեց նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Ան իր խօսքը արտասանեց Ծերակոյտի դահլիճին մէջ:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.