2015-12-23 10:04:00

Հնդկաստանի Մումպայ առաջնորդին համար Ծնունդը Ողորմութեան տօն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը Աստուծոյ ողորմութեան մէկ տօնն է որովհետեւ ողորմութիւնը կարող է բարեփոխել աշխարհը ըսաւ Հնդկաստանի Մումպայ թեմի առաջնորդ` կարդինալ Կրասիաս̦, անցեալ 20 դեկտեմբերին, Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Դուռը բանալով։

Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ կարդինալը ըսաւ.''Ողորմութիւնը առանցքը կը կազմէ աւետարանական պատգամին։ Ողորմութիւնը  ճշմարիտ անունն է Աստուծոյ դիմագիծին` որով լիովին կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոսը ˋ մարդեղութիւնը սիրոյ, ստեղծագործութեան ու փրկչագործութեան։

Կարդինալ Կրասիա  ընդգծելէ ետք որ Ողորմութեան նիւթը կեդրոնը կը հանդիսանայ ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան ըսաւ ''Ողորմութիւնը սիրոյ ամենախոր իմաստն է̦ Աստուծոյ սիրոյն, մշտատեւ յղումն է. Մեզմէ իւրաքանչիւրը կարիքը ունի ողորմութեան։ Հետեւաբար հարկաւոր է մեր սիրտը բանալ ընդունելու Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ զայն ուրիշներուն հաղորդելու որպէսզի այսպէսով դառնանք ճշմարիտ աշակերտները Յիսուսի ողորմութեան ու գործիչները Աստուծոյ սիրոյն` մերձաւորին նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.