2015-12-23 12:18:00

Կարդինալ Փարոլին Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Հռոմի թմրամոլութեան խնամատան մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերի երեկոյեան, Հռոմի  ՝՝Տօն Մարիօ Փիքքի՝՝ թմրեցուցիչի ախտէն տառապող խնամատան կեդրոնին մէջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին,  Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօնի զոյգ առիթներու առթիւ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կեդրոնին հիւրերը ու անոնց ընտանեկան պարագաները ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը նախ ակնարկեց Հայր Մարիօ Փիքքին զայն որակելով որպէս Բարի Սամարացի ապա ընդգծեց  թէ ''թմրամոլութիւնը չի յաղթահարուիր  թմրեցուցիչի  օգտագործութեամբ'' դատապարտելով այն կառավարութիւնները, որոնք կ՝ուզեն օրինականացնել թեթեւ ըսուած թմրեցուցիչի օգտագործումը։

 Թմրեցուցիչի ողբերգութեան  դէմ եկեղեցին չի կրնար լուռ մնալ ըսաւ ապա կարդինալը աւեցնելով թէ անոր դէմ պայքարելու համար հարկ է համայն ընկերութեան յանձնառումը որպէսզի  դաստիարակչական, մշակութային ու կազմաւորական մարզերը միշտ աւելիով ներառնեն երիտասարդները զանոնք հեռու պահելով այդ թմրեցուցիչի վտանգէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.