2015-12-22 10:55:00

Պէյրութի օգնական Եպիսկոպոս Արհ Գէորգ Ասատուրեանի պատգամը Մեսրոպեանականներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան, Լիբանանի Մեսրոպեան վարժարանի դատերասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ   Վարժարանի սաներու՝ Ծիծեռնակ երգչախումբի  Յիսուսի Սուրբ  Ծննդեան տօնի առթիւ   Ծննդեան երգերու համերգը՝ հովանաւորութեամբ Պէյրութի օգնական Եպիսկոպոս Արհ Գէորգ Ասատուրեանի եւ մասնկացութեամբ  կղերական հայրերուն, քաղաքական  բարձր անձնաւորութիւններուն ու անթիւ հայորդիներուն։

Երեկոյին ընթացքին խօսք առաւ Գերապայծառ Ասատուրեան եւ իր յղած պատգամին մէջ ըսաւ ։

Սիրելի մեսրոպեանականներ,

ծնողներ,

Մեսրոպեանի նախկին սաներ ու բարեկամներ,

Այս օրերուն բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ձեռնարկներով կը նախապատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան։

Գիտէ՞ք թէ այս ձեռնարկներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Յիսուսի ծնունդը աւետող երգն ու երաժշտութիւնը։ Անոնք աւելի առանձնայատուկ կը դառնան երբ կը հնչեն մանուկներու ու պատանիներու բերնէն։  Որովհետեւ,  մանուկներու ու պատանիներու բերնէն հնչած ծննդեան երգերը՝ մաքուր սրտերէ բխած առ Աստուած բարձրացուած  աղօթք են։  Անոնք Յիսուսի ծնունդը աւետող ղօղանջներ են։ Անոնք կը փառաբանեն Յիսուսի ծնունդը, որ կը կատարուի մեր, մեզմէ իւրաքանչիւրի փրկութեան համար։ Անոնք երբ կը հնչեն մանուկներու բերնէն՝ միաժամանակ կը դառնան Յիսուսին ծնունդ տուող Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին, Տիրամօր բարեխօսութեան խնդրանք։ Մանուկները պէտք է գիտնան որ Տիրամայրը երբեք չի մերժեր երգելով կամ արտասանելով իրեն ուղղուած բարեխօսութեան ամէն խնդրանք։ 

Ընդհանրապէս հայկական վարժարաններուն, մասնաւորաբար Հայ կաթողիկէ վարժարաններուն եւ այսօր Մեսրոպեան բարձրագոյն Վարժարանին մէջ տեղի ունեցող այս համերգը՝  միայն նորահաս սերունդին գեղարուեստական ճաշակը զարգացնելու ծառայող եւ ունկնդիրներուն երաժշտական հաճելի պահ մը պարգեւելու սահմանուած ինքնանպատակ հանդէսներ չեն։ Այլ անոնք կը մտնեն նորահաս սերունդներու  քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրներուն մէջ։ որահաս սերունդները Աստուծոյ մօտեցնող ձեռնարկներ։ Առանց Աստուծոյ հետ այս հաղորդակցութեան՝ ինչ պիտի արժեն գիտութիւնն ու գրականութիւնը, պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը եւ միւս բոլոր գիտելիքները։

Վստահ եմ որ  Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու դաստիարակները այս գիտակցութեամբ է որ  յատուկ աշխատանք կը տանին  Յիսուսի Սուրբ  Ծննդեան  նուիրուած այսպիսի ձեռնարկներ կազմակերպելու համար։ 

 Մենք մեծապէս կը գնահատենք այս աշխատանքը եւ զայն ղեկավարող պատասխանատուները,  ժրաջան Պարոն Տնօրէնն ու դաստիարակները եւ յատկապէս  խմբավար պարոն Մանուէլ Քէշիշեանը, որ ամենայն համբերութեամբ եւ մանկավարժի մօտեցումով կը յաջողի բեմ բարձրացնել մանուկներն ու պատանիները։  Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլորը եւ մասնաւորաբար այս անմեղունակ մանուկները,  տղաքն ու աղջիկները, որոնք միայն այս համերգին ԾԻԾԵՌՆԱԿՆԵՐԸ չեն, այլ իրենց վարժարանին մնայուն ծիծեռնարկները, այսօր եւ ընդմիշտ։

Արդարեւ, շնորհիւ այս վարժարանին մէջ ուսումնառութեան զուգահեռ իրենց ստացած ազգային ու քրիստոնէական դաստիարակութեան, անոնք, այսօր եւ ընդմիշտ,  ծիծեռնակին նման ամէն անգամ որ նոր բոյն մը շինեն ու երգեն, պիտի յիշեն իրենց առաջին բոյնը՝ Մեսրոպեան Վարժարանը։ Անոնք Յիսուսի ծննդեան աւետիսը իրենց ընտանիքներուն ու շրջապատին տանող ծիծեռնարկներ պիտի ըլլան, եւ պիտի հրաւիրեն բոլորը, իրենց ծնողները, քոյրերն ու եղբայրները, դրացիներն ու բարեկամները, ամէն հայն ու քրիստոնեայ հաւատացեալը  որուն կը հանդիպին, իրենց հետ երգելու՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՍՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։








All the contents on this site are copyrighted ©.