2015-12-22 10:28:00

Աղքատներուն օգնելու համար Իրանի մէջ կը ստեղծուին «Բարութեան Պատեր»


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իրանի մէջ ընթացք առած է նորութիւն մը, որ կը կրէ «բարութեան պատ» անունը:

Այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ իրանցիները տարերային ձեւով կը հանեն եւ պատերուն կը կախեն հագուստներ, որոնք կրնան պէտք ըլլալ անտուններուն:

Նախաձեռնութիւնը մեծ թափ կը ստանայ Իրանի մէջ արձանագրուող ցուրտին եւ տնտեսական բարդ կացութեան լոյսին տակ: Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է Մաշհատ քաղաքին մէջ, ապա տարածուած է բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ:

Ընկերային ցանցերուն վրայ եւս կը տարածուին «բարութեան պատերու» բազմապիսի լուսանկարներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.