2015-12-22 10:33:00

«Մեր իրաւունքն է պատասխանել Քանթարի սպանութեան գործողութեան շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա


Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին անդրադարձաւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Սամիր Քանթարի սպանութեան` շեշտելով, որ իրենց համար յստակ է, թէ Իսրայէլ բացայայտ գործողութեամբ մը ահաբեկած է Սամիր Քանթարը` իսրայէլեան օդուժին գործած ռմբակոծումին միջոցով: Անոնք ռմբակոծած են շէնք մը, ուր կը գտնուէր Քանթարը, սուրիացի այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ շարք մը քաղաքացիներ:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Քանթարի ազատ արձակումին օրն իսկ իրեն եւ Քանթարի համար յստակ եղած է, որ Իսրայէլ զինք հալածանքի պիտի ենթարկէր եւ բնաւ պիտի չներէր անոր կամքին զօրութիւնը եւ Դիմադրութեան անոր կառչածութիւնն ու յանձնառութիւնը:

«Քանթարի սպանութեան պատասխանատու կը նկատենք Իսրայէլը եւ այս առումով ո՛չ հետաքննութեան եւ ո՛չ ալ քննարկումի սպասելու կարիք կը զգանք», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` հաստատելով, որ Քանթար իր ազատ արձակումին առաջին օրէն արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու պաղեստինեան հողերուն եւ կամ Մազարեհ Շեպաայի մէջ զինուորական գործողութեան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իսրայէլ ոչ մէկ ձեւով պիտի կարենայ կամքը եւ Դիմադրութեան ուղեգիծէն անշեղ մնալու նախանձախնդրութիւնը թիրախ դարձնել:

«Այսօր բարեկամին եւ թշնամիին կ՛ըսեմ, թէ նահատակ Սամիր Քանթար մեզմէ մէկը կը նկատուի, եւ Իսրայէլ զայն դիտմամբ սպաննած է: Իսկ մեր իրաւունքն է պատասխանել Քանթարի սպանութեան գործողութեան` յարմար պահուն ու վայրին մէջ, յարմար միջոցներով», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք անձնատուր պիտի չըլլան եւ իրենց պայքարին մէջ պիտի չընկրկին, որովհետեւ նոյնիսկ իրենց դէմ գործուած սպանութիւնները պիտի պատճառեն թշնամիին պարտութիւնը, որովհետեւ յաւելեալ ուժգնութեամբ եւ կորովով պիտի շարունակեն կռուիլ թշնամիին դէմ:

Նշենք, որ իր խօսքին սկիզբը սէյիտ Նասրալլա քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքները շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան եւ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօներուն առիթով, եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին:








All the contents on this site are copyrighted ©.