2015-12-21 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ս. Ծննդեան առթիւ պատգամը Վատիկանի վերին իշխանութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 21 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ, սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններու փոխանցման առթիւ, ընդունեց Հռոմի Քուրիայի` վատիկանեան վերին իշխանութեան անդամները, եւ այս առթիւ անոնց ուղղեց երկարաշունչ պատգամ մը որուն  սկիզբը Նորին Սրբութիւնը  ներկաներուն ներողամտութիւնը խնդրեց ճառը նստած կարդալուն համար, տրուած ըլլալով որ այս վերջին օրերուն հարբուխէ կը տառապի, ապա սկիզբ տալով իր երկարաշունչ ուղերձին, ուրախութիւնը յայտնեց այս առթիւ անոնց փոխանցելու Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ բարեմաղթութիւնները, այդ մաղթանքները ընդլայնելով նաեւ անոնց համագործակիցներուն։ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց 2013 տարուայ իր պատգամին, որուն մէջ ուզած էր ընդգծել Քուրիայի գործունէութեան կարեւոր երկու յատկութիւններ ` արհեստավարժութիւնն ու ծառայութիւնը, մինչ 2014-ին մատնանշած էր Եկեղեցւոյ դիմագրաւած  ''փորձութիւններուն'' ու ''հիւանդութիւններուն'' որոնցմէ ոմանք ''յայտնաբերուեցան անցնող տարուայ ընթացքին'' ցաւ պատճառելով եւ վիրաւորելով բազմաթիւ հոգիներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ հակառակ այս բոլորին ''բարենորոգման աշխատանքները յառաջ պիտի ընթանան, վճռակամութեամբ'' ու հաստատեց թէ հիւանդութիւններն ու գայթակղութիւնները կարող չեն քօղարկել Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուութեամբ ու յանձնառումով մատուցած ծառայութեան արդիւնաւէտութիւնը եւ թէ այս մէկը մխիթարական երեւոյթ է եւ մեծ անարդարութիւն պիտի համարուէր այս առընչութեամբ սրտաբուխ շնորհակալութիւն ու քաջալերանքի խօսք չյայտնել բոլոր անոնց որոնք առողջ ու արժանապատիւ, հաւատարիմ ու արհեստավարժ գործունէութեամբ կը նուիրուին ի սպաս Եկեղեցւոյ ու Պետրոսի Յաջորդի ծառայութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ապա դիտել տուաւ թէ գործուած սխալները դաս են եւ առիթ` աճումի եւ ոչ թէ յուսահատութեան։ Անոնք հնարաւորութիւններ են ''վերադառնալու էականին'' ու մտաբերելու ''Եկեղեցւոյ եւ հաւատքին իմաստը'', մինչ կը գտնուինք Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ուխտագնացութեան սկիզբը, որ բոլորիս համար կը ներկայացնէ զօրեղ կոչ մը գոհունակութեան, ապաշխարութեան, վերանորոգումի, դարձի եւ հաշտութեան։

Ծնունդը արդարեւ  տօնն է Աստուծոյ անհուն ողորմութեան, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը որ կը հաստատէ թէ ''Երկրի Տէրը ընդունեց ծառայի կերպարանքը որպէսզի յագեցնէ մեnք անօթութիւնն ու ծարաւը, ամրապնդէ մեր տկարութիւնը, ջնջէ մեր անօրէնութիւնը եւ լուսաւորէ մեր գթութիւնը''։ 

Առ այդ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առ ի պատրաստութիւն, ձեզի կը ներկայացնեմ գործնական ուղեցոյց մը, որպէսզի արդիւնաբերութեամբ ապրինք այս շնորհքի ժամանակը, այն է` Քուրիայի մէջ եկեղեցւոյ ի սպաս գործող անհատներուն յատկացուած  ''առաքինութիւններու ցանկ մը'' որ կատարեալ չէ եւ որ կը հրաւիրեմ խորացնել, լրացնել եւ հարստացնել։

Ցանկ մը որ կը հիմնուի ''ողորմութիւն'' բառին վերլուծման վրայ որպէսզի ան դառնայ մեզի համար փարոս եւ ուղեցոյց։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց 12 կէտերէ բաղկացած ցանկ մը խօսելով ''միսիոներականութեան եւ Հովուական խնամակալութեան'' մասին։ Ամէն մէկ մկրտեալ Բարի Աւետիսի առաքեալ է նախ եւ առաջ իր ապրելակերպով ապա իր գործերով ու իր ուրախ եւ համոզուած վկայութեամբ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ ''Պիտանութեան եւ խոր թափանցումի'' մասին հուսկ ակնարկեց ''Հոգեւորականութեան եւ մարդկութեան'' մինչ չորրորդ կէտին մէջ մատնանշեց ''օրինակելիութեան ու հաւատարմութեան''։ ''Բանականութիւնն ու բարութիւնն'' եղան հինգերորդ կէտին նիւթերը եւ վեցերորդ կէտին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց ''անթերիութեան եւ վճռակամութեան'' ապա ''Սէր եւ ճշմարտութիւն'', ''Ազնուութիւն եւ հասունութիւն'', ''յարգանք եւ խոնարհութիւն'', ''առատաձեռնութիւն եւ ուշադրութիւն'', ''քաջութիւն եւ պատրաստակամութիւն'' հուսկ վերջին կէտը` ''վստահելիութիւն ու լրջութիւն''։

Սիրելի եղբայրներ ըսաւ ապա Քահանայապետը ողորմութիւնը անցողակի զգացում մը չէ այլ Բարի Աւետիսին եզրակացութիւնը, Ան ընտրանքն է անոնց որոնք կ՛ուզեն Յիսուսի Սրտին զգացումները ունենալ, անոնց որոնք կ՛ուզեն լրջօրէն հետեւիլ Տիրոջ որ մեզմէ կը խնդրէ ''Եղէք ողորմած ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը ողորմած է''։ Ողորմութիւնը ուրեմն թող հանդիսանայ առաջնորդ մեր քայլերուն ու ներշնչէ մեր բարեկարգումները եւ լուսաւորէ մեր որոշումները։ Ան թող ըլլայ մեր գործունէութեան կեդրոնական սիւնը։ Ան մեզի թող սորվեցնէ թէ երբ պէտք ենք յառաջ երթալ ու երբ պէտք ենք ետքայլ մը կատարել։ Ան` մեր փոքրիկ գործերուն մէջ թող ցոյց տայ մեզի Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը։ 

Այս բոլորը հասկնալու համար,Ֆրանչիսկոս Պապ,  արտասանեց Երանելի Օսքար Ռոմերոյի աղօթքը որուն մէջ Երանելին կը հաստատէ թէ յաճախ ետքայլ ընելը մեզ կ՛օգնէ աւելի լաւ  դիտելու հեռուն եւ ապագան եւ թէ մեր կեանքին մէջ մենք կարող չենք կատարեալ գործեր իրագործել` այլ պարզապէս մենք կը ցանենք սերմեր որ օր մը պիտի ծլին, եւ կը խնամենք բոյսեր որ ուրիշները սերմանեցին եւ կամ ուրիշներ պիտի շարունակեն խնամել։ Մեր աշխատանքը կատարեալ չէ սակայն սկիզբ մըն է որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը ներգործէ ու կատարելիութեան հասցնէ զայն։ Գուզէ մենք պիտի չկարենանք տեսնել այդ գործին աւարտը, սակայն ճիշդ այս է տարբերութիւնը վարպետին ու բանուորին միջեւ։ Մենք բանուորներ ենք ոչ թէ վարպետներ, մենք ծառաներ ենք եւ ոչ թէ մեսիաներ։ Մենք մարգարէներ ենք ապագայի մը` որ մեզի չի պատկանիր։

Ահա այս մտածումներով եւ այս զգացումներով ձեզի կը մաղթեմ բարի եւ սուրբ Ծնոունդ մը ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։ Շնորհակալութիւն։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով  Հռոմի Քուրիաի Սուրբ Ծննդեան առթիւ ուղղած իր պատգամը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.