2015-12-21 09:24:00

Փաքիստանի քրիստոնեաներն ու մահմետականները միացած ահաբեկչութեան դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Փաքիստանի պետական ու կրօնական պատասխանատուները ֆայսալապատ քաղաքին մէջ աղօթքի հսկում կազմակերպած են,  որուն աւարտին կոչ ուղղած են քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն միասնական պայքար մղելու  ահաբեկիչ խմբակներու  դէմ։

Կազմակերպիչները կը նպատակադրեն խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը հաստատել ընկերութեան մէջ դաստիարակութեան ու կազմաւորումի միջոցաւ։ Անոնք մտադիր են պայքար մղել այն կազմակերպութիւններուն դէմ որ կը խթանեն իրենց անդամները ծայրայեղութեան ու միաժամանակ կը խնդրեն բարեփոխել քուրանական դպրոցները ու պատժական արդարութեան կառոյցը։ Փաքիստանի պետական ու կրօնական պատասխանատուներու գնահատումով դաստիարակութիւնը լաւագոյն միջոցն է ահաբեկչութեան, ծայրայեղութեան, անհաւասարութեան ու խտրականութեան դէմ պայքարին։ Հրամայական է զարգացնել ռազմավարական ծրագիրի մը աշխատասիրութիւնը  Փաքիստանի ընկերութեան մէջ ի սպաս կրօնական հանդուրժողութեան եւ բազմատար հասարակութեան։

Նշենք որ Փաքիստանի մէջ 7,3 միլիոն պատանիներ ոչ մէկ դպրոց կը յաճախեն, հակառակ որ երկրի սահմանադրութիւնը կը պարտադրէ բոլորին դաստիարակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.