2015-12-21 14:19:00

Սուրբ Ծննդեան համերգ՝ մասնակցութեամբ Քուէյթի քրիստոնեայ եկեղեցիներու


Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Քուէյթի Եկեղեցիներու կազմակերպութեամբ այս տարի եւս տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան համերգ: Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ռում Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ մէջ, Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու, քահանայից դասի եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան ելոյթ ունեցած են տարբեր եկեղեցիներէ ինը երգչախումբեր: Համերգին ներկայ եղած են Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան եւ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան:

Սոյն համերգին հայ համայնքը ներկայացուցած է Ազգային Առաջնորդարանի «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբը՝ կատարելով «Այսօր Տօն է», «Ով Զարմանալի», «Այսօր Ձայնն Հայրական» շարականները եւ «God Rest Ye Merry Gentlemen» երգը: Այս մասին կը հաղորդեն Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.