2015-12-21 14:32:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Յիսնակաց (20-27 Դեկտեմբեր 2015)


Զ.  Շաբաթ Յիսնակաց  (20-27 Դեկտեմբեր 2015)

Յիսնակաց 6-րդ շաբաթը խոնարհութեան շաբաթն է որով Յիսուս կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն։ Փաստ փարիսեցիին եւ մաքսաւորին պատմութիւնը, ուր յստակօրէն կ՛երեւի թէ որուն կ՛երթայ Քրիստոսի նախընտրութիւնը։

Ան աւելի կը գնահատէ մեղքերով լի մաքսաւորին խոնարհ աղօթքը քան թէ օրէնքի պաշտպան ու բծախնդիր կերպով գործադրող, ամէնուն բարի օրինակ տուող փարիսեցիին ինքնաքով եւ ամբարտաւան աղօթքը։ Նոր վարդապետութիւն մըն է Քրիստոսինը, որ իբրեւ օրինակ կը դնէ մեր առջեւ ընկերութենէն արհամարհուած` բայց Տիրոջմէ սիրուած ու գնահատուած անձեր, իրենց պարզ ու խոնարհ ընթացքին համար։

Երկուշաբթի 21 Դեկտեմբերին տօնն է Ս. Աբրահամ Խորենայ եւ  անարծաթ  բշկացն Կոզմայի եւ Դամիանոսի։

Երեքշաբթի 22 Դեկտեմբերին տօնն է Ս Դաւիթ մարգարէին եւ Տեառնեղբայր Յակոբ առաքեալին ինչպէս նաեւ Ս. Յիզտբուզտ՝ այսինքն Աստուածատուր վկային։

Հինգշաբթի 24 Դեկտեմբերը Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ճրագալոյցն է.

Ճրագալոյցի կամ մեծ տօնի մը նախօրեակին կատարուած հսկումի սովորութիւնը զուտ հայկական չըլլալով հանդերձ, ունի սակայն իր ազգային գունաւորումը եւ իմաստը. Ամէն ճրագալոյց, Ծննդեան թէ Զատկի, կու գայ մեզի յիշեցնել թէ Նոր Կտակարանը կապուած է Հինին եւ Քրիստոսի խորհուրդները սերտօրէն կապուած են մարգարէութիւններուն հետ, անոնց լրումն ու ամբողջացումը կը հանդիսանան։

Ասոր համար է որ երեկոյեան Սուրբ Պատարգէն առաջ` տեղի կ՛ունենան Հին Կտակարանի եւ մարգարէներու ընթերցումներ, որոնք կ՛ընդելուզուին երեկոյեան ժամերգութեան հետ։ Կարգ մը տեղեր, Ճրագալոյցի արարողութիւնը աւելի մեծ հանդիսաւորութեամբ կը կատարուի քան յաջորդ օրուայ տօնական ծիսակատարումը։  Դաւիթ մարգարէի եւ թագաւորի Սաղմոսները կը բանան արարողութիւնը. Տէր ասաց ցիս որդի իմ ես դու եւ ես այսօր ծնայ զքեզ։ Ուղղակի Յիսուսի ծննդեան կը վերաբերի, Յիսուսի որ յաճախ կը կոչուի Դաւթի Որդի։ Ապա կը կոչէ զայն քահանայ ըստ կարգին Մելքիսեդեկի։ Ի վերջոյ կը յիշեցնէ խոստումը որ ըրաւ Տէրը Դաւիթին, թէ իր սերունդէն պիտի գայ Փրկիչը. Պիտի յարուցանեմ զօրութիւն մը Դաւթի սերունդէն։

Սուրբ Գրային ընթերցուածներու շարքը կը սկսի Ծննդոց առաջին երեք գլուխներու ընթերցումով. Այսպէսով փրկչագործութիւնը կը կապուի սերտօրէն ստեղծագործութեան հետ. Եդեմը, երկրաւոր դրախտը կը գոցուի մեր նախահայրերուն առջեւ, բայց ահա նոր յոյս մը կը բացուի որ պիտի գտնենք մարգարէական ու մեսիական ընթերցումներուն մէջ։

        2-րդ ընթերցումն է Եսայի մարգարէին տուած նշանը Աքազ թագաւորին. Ահա կոյս մը պիտի յղանայ եւ որդի մը պիտի ծնի, որուն անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի – այսինքն` Աստուած մեզի հետ -։ Ահա առաջին մարգարէութիւնը որ կ՛իրականանայ կուսական ծննդեամբը Յիսուսի։

        3-րդ ընթերցումն է Ելից գրքէն, անցքը Կարմիր Ծովուն, որ անշուշտ աւելի կը վերաբերի Զատկուայ տօնին. Սակայն հոս եւս կը տեսնենք ծիսարարի կամքը իրար մերձեցնելու քրիստոնէութեան մեծագոյն երկու խորհուրդները։

        4-րդ ընթերցումն է Միքէ մարգարէինը, ըստ որում Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ է որ պիտի ծնի մարդկութեան Փրկիչը, Մեսիան. Եւ դու Բեթղեհէմ, թէեւ ամէնէ փոքրն ես Յուդայի ցեղերուն մէջ, սակայն քեզմէ պիտի ելլէ ինծի իշխան մը որ պիտի իշխէ իմ ժողովուրդիս վրայ։

        5-րդ ընթերցումը Սողոմոնի առակներուն սկզբնաւորութիւնն է, որով նոր թագաւորին իմաստութիւնը կը գովուի։

        6-րդէն մինչեւ 10-րդ ընթերցումները Եսայի մարգարէէն են. 6-րդին մէջ կ՛ըսուի. Ահաւասիկ մեզի մանուկ մը ծնաւ… որ Դաւթի աթոռին վրայ պիտի բազմի։ 7-րդին մէջ կը կարդանք թէ Յեսսէի արմատէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ – Յեսսէ Դաւիթի հայրն է – ։   8-րդին մէջ կը մարգարէանայ Յիսուսի գործելիք հրաշքները. կոյրերու աչքերը եւ խուլերու ականջները պիտի բացուին, կաղը եղջերուի նման պիտի վազէ… 9-րդին մէջ կը ներկայացնէ Մեսիան որպէս բարի հովիւ մը որ կը հովուէ իր հօտը. Իսկ 10-րդին մէջ կը ներկայացնէ զինք որպէս Տիրոջ ընտրեալը, որուն վրայ դրած է իր Հոգին։

Ընթերցումները կը փակուին Դանիէլի մարգարէութեան ընթերցումով որ կը պատմէ 3 երիտասարդ Հրեաներու քաջարի կեցուածքը, որով մերժեցին երկրպագութիւն մատուցանել ասորիներու թագաւորին` Նաբուգոդոնոսորի արձանին։

Ուրբաթ 25 Դեկտեմբերին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնն է ։

Յիսուս Ծնաւ Բեթղեհէմ քաղաքը, Մսուրի մը մէջ։

Օրուան աւետարանը որ Ղուկասինն է,  կը պատմէ թէ ինչպէս Յովսէփ եւ Մարիամ ստիպուեցան թողուլ իրենց բնակավայրը` Նազարէթ, ու մեկնիլ դէպի Բեթղեհէմ քաղաքը, որ Յովսէփի ազգատոհմին բնիկ քաղաքն էր, հպատակելու համար նոյն շրջանի Հռովմայեցի կայսեր` Օգոստոսի հրամանին, որով ան կ՛ուզէր մարդահամար կատարել իր կայսրութեան ենթակայ բոլոր ժողովուրդներուն։

Այսպէսով` անգիտակցաբար անոնք կ՛իրագործէին Միքէ մարգարէի դարեր առաջ կատարած մէկ մարգարէութիւնը, որով ան` ներշնչուած Տիրոջմէ, կը գուշակէր թէ Փրկիչը պիտի ծնէր Բեթղեհէմի մէջ։ Յետ օթեւանի մը ապարդիւն փնտռտուքին, ի վերջոյ Յովսէփ կը գտնէ անասուններու համար պատրաստուած մսուր մը, եւ այդ աղքատ վայրին մէջ է որ Մարիամ ծնունդ կու տայ Աստուածորդւոյն։

Շնորհաւոր  Սուրբ Ծնունդ բոլորին։

Շաբաթ 26 Դեկտեմբերին Տօնն է Ս. Ստեփանոսի նախավկային։ Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով Հրեաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։

Կիրակի 27 Դեկտեմբերը Յիսնակաց 7-րդ կիրակին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.