2015-12-20 12:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը եւ Սուրիոյ եւ Լիպիայի ի սպաս կոչը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 20 դեկտեմբեր 2015-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը` ''Մարիամի այցելութիւնը Եղիսաբեթին''։

Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Սուրբ Ծնունդը լաւապէս ապրելու համար  կանչուած ենք նայելու զարմանքի ''վայրերուն'' եւ այս վայրերէն առաջինն է մեր մերձաւորը` որուն մէջ պէտք է տեսնենք մեր եղբայրը յատկապէս երբ այդ կը ներկայացնէ աղքատին դիմագիծը որովհետեւ Աստուած որպէս աղքատ եկաւ աշխարհ։

Այլ վայր մըն է ''պատմութիւնը''։ Բազմաթիւ անգամներ  պատմութիւնը կը կարդանք հիմնուելով շուկայական տնտեսութեան վրայ որուն կը տիրապետեն հզօրները  մինչ Սուրբ Ծննդեան Աստուածը Աստուած մըն է որ ամէն ինչ կը փոխէ` ''Ան կը տապալէ հզօրները իրենց գահերէն եւ խոնարհները կը բարձրացնէ (Ղուկ 1, 52-53)''։

Իսկ երրորդ զարմանքի վայրն է  Եկեղեցին. Անոր նայիլ հաւատքի զարմանքով կը նշանակէ չբաւարարուիլ  զայն նկատել լոկ կրօնական հաստատութիւն, այլ զայն ընդունիլ որպէս Մայր։

Եկեղեցի մը որ գիտէ ճանչնալ Աստուծոյ հաւատարիմ սիրոյ նշանները։ Եկեղեցի մը որ աշխարհի յոյսին ձայն կու տայ յարատեւ կրկնելով ''Եկ Տէր Յիսուս''։

Սուրբ Ծննդեան տօնին Աստուած ինքզինք կը նուիրէ իր Որդւոյն միջոցաւ եւ Միայն Մարիամի սրտով, Սիոնի աղքատիկ ու խոնարհ դուստրը որ դարձաւ Մայր Ամենակալն­, կարելի է հրճուիլ Աստուծոյ այն մեծ պարգեւին համար։ Թող Ան օգնէ մեզ մասնակից ըլլալու Յիսուս Սուրբ Ծննդեան զարմանքին, պարգեւներուն պարգեւը, եւ մեզի տրուած անարժան նուէրը որ մեզի կը բերէ փրկութիւնը։

 

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց ըսելով.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր եւս կ՛ուզեմ իմ մտածումս ուղղել սիրեցեալ Սուրիային իր ողջ գնահատանքս յայտնելով միջազգային հասարակութեան ձեռք բերած համաձայնութեան համար։ Կը քաջալերեմ բոլորը վեհանձնութեամբ յարատեւելու բռնութիւններու կասեցումին տանող ճանապարհի վրայ եւ  խաղաղութեան ձգտող բանակցային լուծումի։  Նմանապէս կը վերյիշեմ նաեւ Լիպեան, ըսաւ ապա Քահանայապետը, ուր վերջերս  կողմերը յանձնառութեամբ յանգեցան համաձայնութեան մը` կազմելու ազգային միութեան կառավարութիւնը  որ երկրին ապագային յոյս կը ներշնչէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց Քոսթա Րիքային եւ Նիքարակուային միջեւ ստեղծուած համագործակցութեան ու նեցուկը յայտնելով մաղթեց նորոգուած եղբայրական հոգի որ ամրապնդէ երկխօսութիւնը եւ փոխադարձ համագործակցութիւնը նաեւ շրջանի միւս երկիրներուն միջեւ։

Ֆրանչսիկոս Պապ յատուկէն վերյիշեց ապա Հնդկաստանի բնակչութիւնը որ վերջերս զոհ եղաւ ջրհեղեղի ու խնդրեց միասնաբար աղօթել անոնց համար որ կը տառապին եւ անոնց համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկէն ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր մանուկները որոնք այսօր կատարեցին իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի դամբանին եւ որոնք աւանդութեան համաձայն Սուրբ Պետրոս ժամանած էին Յիսուս Մանուկի արձանի օրհնութեան առթիւ։

Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք հրապարակի վրայ համախմբուած այլ խումբերը բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի եւ Սուրբ Ծնունդ լի յոյսով,  սիրով եւ խաղաղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.